Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի Ոգեկոչում. Դաւիթ Գազանճեանի Արտասանած Խօսքը

August 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lisbon-4_72716

Յարգա՛նք ձեզի, ընկերներ` Վաչէ Տաղլեան, Սագօ Աբրահամեան, Արա Քըրճլեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Սիմոն Եահնէեան:

Մենք անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ձեր շիրիմներուն կողքին, ո՛չ թէ սգալու, ո՛չ թէ սովորական հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու եւ ո՛չ ալ ձեզ փառաբանելու կամ մեծարելու: Դուք այդ տղաքը չէիք: Դուք ձեր կեանքը մահի չվերածեցիք, այլ ձեր մահը` կեանքի: Դուք ձեր եսը արհամարհեցիք եւ առաջնահերթ դասեցիք հաւաքական շահը, ազգին շահը, ձեր ժողովուրդին շահը: Ձեր գաղափարական կեանքը յաղթեց նիւթականին, եւ դարձաք հերոսներ: Հերոսներ ոչ  միայն ձեր ապրած ժամանակաշրջանին, այլ` հայ ժողովուրդի դարաւոր արիւնատար պատմութեան մէջ:

Եղաք նոր «Նեմեսիս», մարնաւորեցիք վրէժխնդիր հայու տիպարը: Վերակենդանացուցիք Արշաւիր Շիրակեանի եւ Սողոմոն Թեհլիլեանի դիակները` յիշեցնելով համայն աշխարհին, որ «Նեմեսիս» գործողութիւնը անցողակի եւ պատահական բան մը չէր, այլ իր դատին հաւատարիմ եւ յանձնառու մարդոց ծրագրաւորուած աշխատանքն է: Տկարացած հայու կերպարը ճզմեցիք ձեր բազուկներով, մեր ժողովուրդին ձայնը բարձրացուցիք ձեր գնդացիրներով: Դուք եկաք վերջակէտ դնելու հայու ճակատագիրը օտար, հզօր պետութիւններու կողմէ պարտադրուած գործելաձեւին: Ամրապնդեցիք, որ միայն ու միայն հայը իրաւունք ունի իր ապագան ճշդելու, որովհետեւ վերցուցիք երկաթէ շերեփը եւ ոչ թէ թուղթէ: Նուաճեցիք բարձունքը, բարձունք մը, որուն մեզմէ շատեր կ՛երազեն հասնիլ, եւ մենք ձեր ճամբով, ձեր կատարած սխրագործութեան ընդմէջէն տեսանք մենք զմեզ: Դուք կ՛ապրիք մեր սրտերուն, մեր հոգիներուն, մեր մտքերուն մէջ եւ պիտի ապրիք, ինչպէս որ մեր ժողովուրդին ցաւերը ապրեցան ձեր մէջ: Դուք եղաք այն Աստուածային շունչը, որ մխրճուեցաւ երիտասարդներու էութեան մէջ, եւ դարձաք անոնց առօրեայէն բաժին մը, անոնք առանց ձեզ տեսնելու` հաւատացին ձեր գործունէութեան, ինչպէս որ կը հաւատան երկնային ուժին` առանց զայն տեսնելու:

Ձեզմով տոգորուեցան արցախեան պատերազմի բոլոր հերոսները: Ձեր շունչով քալեցին Մհերն ու Վիգէնը: Ձեր գովքը հիւսեցին Կարօտն ու Պետոն, եւ բոլորն ալ ձեզի նման արժանացան երկնային արքայութեան, ու հոնկէ հսկեցիք հայ ժողովուրդի փշոտ ուղիին:

Մինչեւ օրս շատ բան չէ փոխուած, թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը, որ կը շարունակէ ուրանալ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ իր մշակութային եղեռնը, մերթ ընդ մերթ «քաղաքակիրթ» ձեւանալով եւ օգտուելով իր աշխարհաքաղաքական դիրքէն` կը համոզէ մեծ պետութիւնները եւ անոնց կեդրոնացումը կը շեղէ իր դրացիներուն հետ ունեցած հարցերէն: Կը շարունակէ ոտնակոխել մարդկային իրաւունքները եւ փոքրամասութիւններուն արդար պահանջները:

Իսկ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարիլ իր ամբողջ ուժականութեամբ` յանուն գերագոյն նպատակին: Ճիշդ է, որ ունինք անկախ պետականութիւն, սակայն արտագաղթի ցաւալի աճը փաստ է, թէ` ինչ-որ բան սխալ է: Հայաստանի պետական եւ ժողովրդային խաւերը շատ լաւ պէտք է գիտակցին, որ արեան գնով ձեռքբերումները,  ըլլան անոնք հողային թէ սկզբունքային, երբեք սակարկութեան առարկայ պէտք չէ դառնան:

Օրին թրքական եւ հակահայ շարժումները ձեզ չվախցուցին, դուք այդ բոլորը արհամարհելով քալեցիք ձեր արեամբ կերտած ուղիով: Վստահաբար այսօր ալ պիտի չտատամսէիք երթալու Արցախ, պաշտպանելու Թալիշը, Մարտունին ու Մարտակերտը, ուր ազերի զօրքերը օրական դրութեամբ կը խախտեն միջազգայինօրէն ընդունուած սահմանը: Պիտի չտատամսէիք վրէժը լուծելու վայրագօրէն սպաննուած ծերունիներուն, նենգաբար կացինահարուած սպաներուն:

Այսօր մեզի ի՛նչն է որ պիտի արգիլէ Լիզպոնի տղոց ճամբով քալելը: ՈՉԻՆՉ: Աւելի՛ն. անոնց թողած պատգամը մեզ պէտք է մղէ ըլլալու արդար ժառանգորդները այդ աքթին: Պէտք է դէմ դնենք մեր շրջապատը խաթարող ամէն տեսակ անարդարութեան, նիւթապաշտութեան, հայութեան վնաս հասցնող եւ անոր ձուլման նպաստող որեւէ գործունէութեան:

Մենք պէտք չէ բաւարարուինք Լիզպոնի տղոց մասին խօսելով կամ յիշելով: Պէտք է իրենց նման խօսքը վերածենք գործի, գործը` առաքելութեան, եւ նպաստենք մեր գերագոյն նպատակին` հասնելու ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի, ուր կ՛ապրին ազատ մտածող, անկախ գործող եւ միացեալ աշխատանքի լծուած հայորդիներ: Մեր ազգին պէտք չեն մանկլաւիկներ եւ խրտուիլակներ: Մեր ազգը կարիք ունի յանձնառու ու արի մարդոց:

Այսօր, երբ մեր շուրջը կը նայինք, կը տեսնենք օրէ օր աճող անտարբեր երիտասարդներ, որոնք բազմիցս քննարկումներու նիւթ կը դառնան. բայց պէտք է տեսնել գաւաթին լեցուն բաժինը եւս: Բոլոր ժամանակաշրջաներուն մէջ կ՛ըլլայ անտարբերներու խաւ մը: 1980-ականներուն կային անհոգներ եւ անպատասխանատուներ, սակայն կային նաեւ Սարգիսներ, Վաչէներ, Սիմոններ, Արաներ եւ Սեդրակներ: Ուրեմն վստահ եղէք, որ այսօր ալ կան նոյնանման տղաք: Նոյն դպրոցը յաճախած, նոյն արեամբ լիցքաւորուած եւ նոյն ճամբով քալելու պատրաստ տարրեր: Ճիշդ է, որ ժամանակները փոխուած են, միջազգային քաղաքականութիւնը նոյնը չէ, եւ երբեմն պահանջատէրն ու ահաբեկիչը կը դիտուին նոյն ակնոցով: Սակայն նման մտահոգութիւններ պէտք չէ արգիլեն մեզի` մեր ազգին պահանջները գոհացնելու թէկուզ զէնքի ուժով:

Թերեւս այսօրուան տաքարիւն երիտասարդներուն կողքին կը պակսին գործը համադրողներ, կը պակսին այդ երիտասարդներուն նեցուկ կանգնողներ: Պէտք չէ միայն բաւարարուինք երիտասարդութիւնը քննադատելէ, այլ ցուցմունք տանք, մղենք մերթ ընդ մերթ ծայրահեղութիւններու, չէ՞ որ «խենթերն են գտնում հնար»:

Ժողովուրդը պէտք է գիտակցի եւ համոզուի, որ մատղաշ սերունդը կ՛աշխատի` մեկնակէտ ունենալով զուտ եւ մաքուր գաղափարական սկզբունքներ, առանց ակնկալութիւններու: Իսկ եթէ պատահի հակառակը յանցաւորը պէտք է փնտռել այլուր եւ այդ սերունդը դաստիարակողներուն մէջ, ոչ թէ` երիտասարդութեան:

Մենք այսօր եւս կրնանք ունենալ նոր Լիզպոններ, եթէ համախմբուինք: Եթէ մեր ուժերը միացնենք սփիւռքէն միչեւ Արցախ ու Հայաստան եւ մեր թիրախ ըլլայ միմիայն մեր դարերու ոխերիմ թշնամին` թուրքը: Եթէ հեռու մնանք մանրուքներէ, որոնք մեզ կը տկարացնեն, մեր կեդրոնացումը կը շեղեն եւ մեր շարքերը կը պառակտեն: Եթէ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն, երիտասարդութիւն-տարեց կապերը հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի փոխըմբռնման վրայ, եթէ մեր ներքին հարցերը դնենք սեղանի վրայ եւ բանականութեամբ լուծումներու հասնինք:

Սիրելի՛ երիտասարդներ, դաշտը այսօր եւ միշտ ձերն է, եւ ոչ թէ` ալեհերներուն: Դուք էք մեր ներկան ու ապագան, եղէք Սագոներ, զինուեցէք գիտելիքներով եւ զանոնք ներդրէք յանուն Հայ դատին: Եղէք Վաչէներ,անտեսեցէք աթոռամոլները եւ մի՛ ըլլաք անոնց ծառան: Եղէք գուրգուրոտ, համեստ եւ ժպտուն Արաներ: Եղէք լուռ ու ինքնագովաբանութենէ հեռու Սիմոններ: Եղէք ինքնաշխատութեամբ մոլորուած եւ մարդկային արժէքներով լեցուն Սեդրակներ:

ԵՂԷՔ ՆՈՐ ԼԻԶՊՈՆՆԵՐ, ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԲԱԶՈՒԿՈՎ ԶԱՐԿԷՔ ԹՈՒՐՔԻՆ ՃԱԿԱՏԷՆ:

Անդրադառնալով «հիմա, որ ՀՅԴ-ն դէմ է պատանդառութեան եւ բռնութեան, ո՞նց է Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը նշում» հարցումին, որ մեծ իրարանցում ստեղծեց համացանցի վրայ, կ՛ուզեմ ետդարձ մը կատարել եւ յիշեցնել, թէ մենք ինչպէս կը նշէինք եւ կը նշենք: Երբ մենք գլխաբաց հողին կը յանձնէինք մեր տղոց մարմինները, իրենք ծնրադիր կ՛աղօթէին Լենին ու Ստալին պապիկներուն համար: Երբ մենք եռագոյնով կը ծածկէիք  Լիզպոնի տղոց դագաղները, իրենք կը ճօճէին պոլշեւիկեան կարմիր դրօշը: Երբ մենք կ՛ըսէինք` «Լիզպոնի ճամբով դէպի երկիր», իրենք միջոցներ կ’որոնէին դուրս գալու հայրենիքէն, դիւանագիտութիւն կը կատարէին տարբեր երկիրներու մէջ եւ պետութեան հաւաքած տուրքերով բարեկեցիկ կեանք կը վայէլէին: Իսկ այսօր, երբ մենք կը փորձենք քաղաքական, դիւանագիտական եւ երբեմն ռազմական միջոցներով Լիզպոնի տղոց երազները իրականացնել, ուրիշներ կը զբաղին իրենց շահերը յառաջ քշելով եւ սեփական գրպանները լեցնելով:

Նախորդը

Ռոպեր Կետիկեան` Վենետիկի 73-րդ Շարժապատկերի Փառատօնի Դատակազմներէն Մէկուն Նախագահը

Յաջորդը

Նսօտտ Արամ Ա. Կաթողիկոս Օգոստոս Ամիսը Կը Հռչակէ Ս. Աստուածածնայ Ամիս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.