Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիօ-2016. Նազիկ Աւտալեան. «Ամէնէն Բարդը Երեխայի Կարօտն Է»

July 30, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nazig_72916

Ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի կիներու ազգային հաւաքականին մաս կը կազմէ 69 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ 2007 եւ 2009 թուականներուն ծանրաբարձութեան Եւրոպայի փոխախոյեան, 2008-ին Եւրոպայի ախոյեան, 2009-ին աշխարհի ախոյեան, 2016-ին Եւրոպայի ախոյեան, 2009-ին Հայաստանի լաւագոյն մարզիկ Նազիկ Աւտալեան:

Ան ծնած է Գիւմրի, 31 հոկտեմբեր 1986-ին: Ամուսնացած է, ունի զաւակ մը: Անոր անձնական մարզիչն է ծանրաբարձութեան կիներու Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան:

Նազիկ Աւտալեան վերջերս տուած հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ.

«Ծանրաբարձութեամբ սկսած եմ զբաղիլ 18 տարեկանիս: Մինչեւ այդ ալ կը զբաղէի մարմնամարզով` լարախաղով, բայց 18 տարեկանիս սկսայ հետեւիլ ծանրաբարձութեան: Սկիզբը միայն կը մարզուէի, բայց հետագային արդէն սիրեցի ու հասկցայ, որ պէտք է շարունակեմ այս մարզաձեւը:

«Մարզական ասպարէզս կարծես երկու փուլի բաժնուեցաւ, անկախ իմ կամքէս. մինչեւ ինքնաշարժի արկածը եւ ատկէ ետք: Բոլորին, ինծի ալ պահ մը կը թուէր, թէ կը հեռանամ մարզանքէն, բայց կրցայ իմ մէջս ուժ գտնել եւ վերադառնալ: Դեռ ընելիքներ շատ ունիմ: Այդ ընթացքին ամուսնացայ, մայրացայ. տղաս տակաւին քանի մը ամսուան էր` մէջքիս երկրորդ վիրահատութեան ենթարկուեցայ: Լուրջ վիրահատութիւն էր, մէջքէս կը հեռացնէին մետաղները, որպէսզի կարենամ մարզուիլ: Եւ ամէն բան յաջող ընթացաւ:

Nazig1_72916«Արդէն 1,5 տարի է կը մարզուիմ: Մասնակցեցայ Եւրոպայի ախոյեանութեան, դժուարութիւններէն ետք նուաճեցի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: Հասկցայ, որ ի զուր չեն բոլոր այս դժուարութիւններս:

«Կեանքիս մէջ ամէն տեսակ դժուարութիւններու հանդիպած եմ, բայց ամէնէն բարդը երեխայի կարօտն է: Տղաս արդէն համակերպած է, որ զիս շաբաթ մը պիտի չտեսնէ, 2 օր պիտի տեսնէ, ամիս մը պիտի չտեսնէ եւ այդպէս շարունակ… Ինծի համար ալ շատ բարդ է անկէ  հեռու գտնուիլը, բայց իւրաքանչիւր դժուարութիւն իր հատուցումը ունի: Առաջին հատուցումը  Եւրոպայի ախոյեանութիւնն էր: Այժմ` ողիմպիական խաղերն են: Յոյս ունիմ, որ ի զուր չ՛ըլլար զոհաբերութիւնս, տղուս կարօտը: Ամէն բան պէտք է ընեմ, որպէսզի ի զուր չըլլայ:

«Իւրաքանչիւր մարզիկի համար ողիմպիական խաղերը երազ են: Ինծի համար ալ երազ եղած են: Ողիմպիական խաղեր ըսելու ատեն մարմինէս դող անցած է: Երբ եկաւ այն պահը, որ հասկցայ` կրնա՛մ եւ պատրաստ եմ մասնակցելու ողիմպիական խաղերուն, ատիկա երազէն  դարձաւ նպատակ: Նպատակս իրականացաւ:

«Ես Ռիօ կ՛երթամ…: Ես կ՛երթամ մետալ նուաճելու…: Միշտ կ՛ըսեմ. մենք կը ծրագրենք, Աստուած կը տնօրինէ: Յուսամ լաւ կ՛ըլլայ»:

Նախորդը

Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն Այսօր` ՀՄԸՄ-Անիմասիոն, Վաղը` ՀՄԸՄ-Ահլի Սայտա

Յաջորդը

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.