Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կարգ մը ակումբներէ բողոքի մեծ ալիք մը բարձրացաւ հայրենի իրաւարարներուն դէմ, որոնք գործեցին աններելի եւ բաւական կոպիտ սխալներ:
Այդ իրաւարարներուն շարքին էր Արման Ամիրխանեան, որ Փիւնիկ – Իմփուլս մրցումին կատարեց դիտումնաւոր սխալներ:
Ատոր իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը` որակազրկելէ ետք Ամիրխանեանը, յայտարարեց, որ այսուհետեւ ան պիտի չտեսնուի Հայաստանի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:


