Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մկրտչեան. «Նախադէպը Կրնայ Քայքայել Պետութիւնները»

July 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_72516

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան  Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման շուրջ ստեղծուած տագնապը լուծելու նախադրեալներ կը տեսնէ: Պատանդներու ազատ արձակումը եւ շարունակուող բանակցութիւնները Լեւոն Մկրտչեանին յոյս ներշնչած են, որ Հայաստանի մէջ արդէն 9-րդ օրը շարունակուող տագնապը կը լուծուի:

«Պատասխանատուութիւն կայ մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն մէջ, նոյնիսկ այն շերտերը, որոնք, ըսենք, շատ քաղաքական փորձառութիւն կամ գիտելիքներ չունին, բնազդով ունին այդ պատասխանատուութիւնը: Վստահ եմ, որ այս խնդիրն ալ կը լուծուի այդ նոյն ձեւաչափով: Արդէն պատանդներու արձակումը եւ բանակցային գործընթացը այդպիսի յոյս կու տան», Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Մկրտչեան:

Անթոյլատրելի նկատելով զինուած խումբի գործողութիւնները` նախարարը մտահոգութիւն յայտնեց, որ այս գործելաոճը նախադէպ չդառնայ. «Պետութիւնը եթէ ինքիշխան եւ անկախ պետութիւն է, շատ կարեւոր է այստեղ նախադէպային թոյլատրութիւն չըլլալը, որովհետեւ, գիտէ՞ք, ի վերջոյ, նախադէպը կրնայ քայքայել պետութիւնները, որոնք տակաւին երկար կեանքի փորձ չունին: Մենք ընդամէնը 20-25 տարուան  պետական շինարարութեան փորձ ունինք, եւ նախադէպի գոյութիւնը կրնայ յառաջացնել այնպիսի պատկերացում, որ որեւէ խումբ կրնայ իրեն  համար` ճիշդ նպատակի համար կատարել քայլեր, որոնցմէ ետք մենք պարզապէս պետութիւն եւ պետականութիւն չենք ունենար»:

Ըստ հայաստանեան մամուլին, զինուած խումբին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին շրջանառուած է կառավարութեան հրաժարականի եւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ի՞նչ տեղեկութիւն ունի այս մասին, Լեւոն Մկրտչեան պատասխանեց. «Ես որեւէ այդպիսի տեղեկութիւն չունիմ, բնականաբար»:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահութեան Թեկնածուները Արտայայտուած Դիրքորոշում Ունին Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

Յաջորդը

9-րդ Օրն Ըլլալով Ոստիկանութեան Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Կեդրոնը Կը Մնայ Գրաւուած

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.