Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահութեան Թեկնածուները Արտայայտուած Դիրքորոշում Ունին Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

July 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pence-Kane_72516

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուներ` Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Թիմ Քէյն եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մայք Փենս հայկական հարցերու վերաբերեալ դիրքորոշում ունին:

Քէյն տարիներ շարունակ աջակցած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ հայկական հարցերու արծարծման ու լուծման: Ան եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից` իբրեւ Ռիչմընտի քաղաքապետ, ապա Վըրճինիայի նահանգապետ ընտրուելուն առաջին իսկ օրերէն:

Քէյն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ունի «Սի+» (լաւագոյնը «Էյ+», վատագոյնը «Էֆ») գնահատականը` հայկական խնդիրներուն իր ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար:

2014-ին ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ` Քէյն փոփոխութիւններ առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւին մէջ եւ թեր քուէարկած այդ բանաձեւին:

«Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը փաստ է. ՄԱԿ-ի մէջ մեր դեսպանը գիրք գրած է այս մասին: Մենք զինք այդ պաշտօնին հաստատած ենք նշուած հարցին մէջ իր ներգրաւուածութեան համար», նշած էր Քէյն:

Հայկական խնդիրներու վերաբերեալ աշխուժօրէն դիրքորոշումներ արտայայտած է նաեւ հանրապետական թեկնածու Մայք Փենս: 2005-ին` ըլլալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Փենս թեր քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 195 եւ 316 բանաձեւերուն, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է նոյնպիսի բանաձեւերուն: «Դէմ» քուէարկելը բացատրելով Մայք Փենս նշած է, թէ կասկածի տակ չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կը կարծէ, որ այդ բանաձեւերու որդեգրումը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:

 

Նախորդը

Նուաքշոթի Մէջ. «Լիբանան Միայն Լիբանանցիներուն Համար Վերջնական Հայրենիք Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Լեւոն Մկրտչեան. «Նախադէպը Կրնայ Քայքայել Պետութիւնները»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.