Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ Ազատ Արձակուեցաւ

July 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hassan-Ya3koub_72516

Լեռնալիբանանի դատախազութիւնը` նախագահութեամբ դատաւոր Աֆիֆ Հաքիմի, երէկ որոշեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը ազատ արձակել 30 միլիոն լ. ոսկի երաշխաւորագինով:

Եաագուպ ձերբակալուած էր 17 դեկտեմբեր 2015-ին` Հանիպաալ Քազզաֆիի առեւանգումը ծրագրելու յանցանքով:

Իմամ Մուսա Սատըրի ընկերակից, անյայտ կորսուած շէյխ Մոհամետ Եաագուպի զաւակը` Հասան Եաագուպ հերքած էր իրեն վերագրուող այդ տեղեկութիւնները, իսկ անոր ընտանիքը, յատկապէս մայրը, իր զաւկին արգելափակման ամբողջ շրջանին փողոցը կատարուած բաց նստացոյցին մասնակցած էր:

Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին Եաագուպ ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, ուր իր հարազատները բաց նստացոյց յայտարարած էին:

Եաագուպ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան իր ընտանիքին` շեշտելով, որ 38 տարի շարունակ օրէնքի կարգով եւ ամպիոններէն հնչած է, թէ Քազզաֆի Լիբանանի թշնամին է, իսկ արգելարանին մէջ գտնուողը անոր զաւակն է:

«Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ անոր զաւակներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս վարուելակերպը», հարց տուաւ ան` ընդգծելով, որ ինք հպարտ է շէյխ Մոհամետ Եաագուպի զաւակը ըլլալով:

«Իսկ հիմա աւելի եւս հպարտ եմ, որովհետեւ մորթիս վրայ զգացի անոր դէմ գործուած անիրաւութիւնը` 7 ամիս բանտարկուելէ ետք: Սակայն արգելարանը անարժէք է Եաագուպ ընտանիքին կողմէ փողոցը անցուցած իւրաքանչիւր երկվայրկեանին դիմաց: Խօսքերը աւարտած են եւ աշխատանքը սկսած է. կը հաշուակցինք», եզրափակեց ան:

Իր կարգին, Հասան Եաագուպի եղբայրը` Ալի Եաագուպ շեշտեց, որ Եաագուպի ձերբակալութիւնը քաղաքական է եւ ան արգելափակուած է ատելութեան պատճառով:

 

 

Նախորդը

Բանակը Խուզարկեց Ժամալիէ Գաղթակայանը Եւ Կատարեց Ձերբակալումներ

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Այցելեց Տիման

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.