Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ը` Դէպի Հայրենիք

July 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom-1_72216

«Դէպի Երկիր» կարգախօսին հանդէպ խոր հաւատք տածելով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց իր` յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով տարեկան գործուղումը Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ, նշանաբան ունենալով «Քաշաթաղը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»:

zom-2_72216

Երէկ կէսօրուան ժամերուն զաւարեանական 16 ընկերներ ուղղուեցան երկիր` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման նպատակով: 16 ընկերներ պիտի բաժնուին երեք հիմնական խումբերու, որոնք պիտի գործեն վերոնշեալ մարզերուն եւ երեք շրջաններու մէջ. Կոտայք` Չարենցաւան եւ Գառնի, իսկ Քաշաթաղ` Բերձոր [Լաչին]: Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել նիւթական ներդրումովը Զաւարեան ուսանողական միութեան այն բարեկամներուն, որոնք կը հաւատան անոր առաքելութեան եւ «Դէպի երկիր» կարգախօսին: Գործուղումը սովորաբար ընկերային եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող ծրագիր մըն է, որ կը նպատակադրէ երկրի երիտասարդութեան հաւատքը ամրապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ, բարգաւաճ ու հզօր Հայաստանի տեսիլքին նկատմամբ:

2004-Էն Ի Վեր ԶՈՄ-ը Ներդրում Կ՛ունենայ Հայրենիքին Մէջ

zom-3_72216

2004 թուականը կը զուգադիպէր Զաւարեան ուսանողական միութեան 100-ամեակին: Այդ թուականը եղաւ նոր հանգրուանի մը սկիզբը` ԶՈՄ-ի աշխատանքներուն համար: Արդարեւ, առաջին անգամն ըլլալով միութեան ծրագիրը կը ներառէր հայաստանեան մակարդակի աշխատանքները: 12 տարուան ընթացքին ԶՈՄ-ը Հայաստան գործուղեց աւելի քան 70 ընկերներ, եւ անոր կազմակերպած ճամբարներուն մասնակցեցան աւելի քան 1500 պատանի Քաշաթաղի եւ Կոտայքի 20-է աւելի գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ:

zom-4_72216

Այս ծրագիրին շնորհիւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները կը լիցքաւորուին հայրենիքով: Այսպիսով, անոնք կ՛երթան հայրենիք, կ՛ապրին անոր առօրեան եւ ուղղակիօրէն ներդրումներ կը կատարեն այդտեղ: Նոյնքան կարեւոր է Հայաստանի եւ Արցախի պատանիներուն բաւարարութեան զգացումը այս ճամբարներէն: Անոնք մեծապէս ուրախ եւ գոհունակ կ՛ըլլան լոկ այն պատճառով, որ սփիւռքէն խումբ մը երիտասարդներ եկած են իրենց համար: «Դէպի երկիր»-ի ճամբարին մասնակից պատանիները Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ երիտասարդներն են, ապագայ քաղաքացիներն են: Այս իմաստով միութիւնը որոշած է նախ եւ առաջ աշխատանքը կեդրոնացնել պատանեկան մակարդակի վրայ:

zom-5_72216

12 տարուան փորձը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ արդէն ժամանակն է, որ մեր հայրենիքին մէջ աշխատանքը դուրս գայ զուտ պատանեկան մակարդակէ եւ անցնի երիտասարդական ու ուսանողական մակարդակներուն:

ԶՈՄ-ը կը հաւատայ, որ ան իր կարողականութիւնը պէտք է դնէ ի սպաս հայրենիքին: Այս իմաստով է, որ ան երկու տարի առաջ համաձայնութիւն գոյացուց «Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա») կազմակերպութեան հետ եւ 8 ուսանողներու քաջալերեց, որպէսզի մասնակցին այս ծրագիրին եւ իրենց վարժանքը կատարեն Հայաստանի տարբեր ընկերութիւններու մէջ:

Նոյնպէս, ԶՈՄ-ը կապեր հաստատեց «Դասաւանդի՛ր Հայաստանի համար» (Թիչ ֆոր Արմինիա) կազմակերպութեան հետ, որուն ճամբով մէկ ԶՈՄ-ական ընկերուհի երկու տարի անգլերէն պիտի դասաւանդէ պետական վարժարաններուն մէջ:

zom-6_72216

Այսպէս, ԶՈՄ-ը կը հաւատայ, թէ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, եւ նոյնիսկ եթէ այսօր հայրենադարձութեան պայմանները բաւարար չեն, ապա կը հաւատանք, որ լիբանանահայ գաղութը իր ներդրումներով եւ հայրենիքի մէջ աշխատանքներով պէտք է ըլլայ յառաջատարը այդ պայմաններու բարելաւման:

Գործուղուողներուն Տպաւորութիւնները

Ես` դաշնակցական երիտասարդ ըլլալով, շատ հպարտ եմ այս առիթը օգտագործելով ազգիս նուազագոյն ծառայութիւնը ընելու:

Հրակ Գարամինասեան

 

Մօտաւորապէս երեք շաբաթ եղաւ, որ լուր առինք, թէ պիտի գործուղուինք:  Այդ վայրկեանէն ի վեր անհամբեր կը սպասենք Հայաստան հասնելու եւ ամէն իմաստով այդտեղի մանուկներուն օգտակար հանդիսանալու:

Սէրուժ Կիտանեան

 

Արցախի պատանիները կամ մենք աւելի անհամբեր ենք վերստին տեսնուելու:  Երկար սպասումէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, ահա վերջապէս հասած է թռիչքի ժամանակը:

Հրակ Արապաղեան

 

Անգամ մը եւս դէպի երկիր:  Երկրորդ տարին ըլլալով պիտի մասնակցիմ ԶՈՄ-ի գործուղման ծրագիրին: Անցեալ տարուան փորձառութիւնը հետաքրքրական էր:  Առիթը ունեցայ ծանօթանալու հայրենիքի պատանիին հոգեբանութեան, մտածելակերպին:  Այս տարի եւս, իբրեւ ԶՈՄ-ական, օգտակար պիտի ըլլամ հայ պատանիին` ծանօթացնելով Դաշնակցութեան պատմութիւնը եւ փոխանցելու նաեւ այլազան գիտելիքներ:

Նարօտ Խտըրլարեան

 

«Դէպի երկիր» ծրագիրը միշտ հետաքրքրած եւ խանդավառած է զիս:  Աւելի եւս խանդավառ եմ այսօր, երբ ես անձնապէս մասնակից պիտի դառնամ անոր: Խանդավառուած եմ նախ առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք գտնուելուս, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին եւ փոքրիկներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու, անոնց հետ ժամանակ անցընելու եւ անոնց իմ ժամանակս տալուն համար:

Ազատիկ Չէքմէեան

 

Վաղն իսկ կը մեկնինք հայրենիք: Այս անգամ տարբեր է զգացումը, հոն զբօսաշրջիկ չենք, գործ մը վստահուած է մեզի, որուն յաջողութիւնը մեր ուսերուն վրայ դրուած է:  Այդ սուրբ գործը մենք պատրաստ ենք կատարելու:  Կարեւորագոյնը սակայն… վաղը մեր աչքերը պիտի բանանք մեր հողին վրայ:

Հրակ Տէտէեան

 

Ամբողջութեամբ խանդավառուած կ՛ուղղուինք Հայաստան եւ Արցախ` գործելու մեր հայրենիքին մէջ: Այս առիթով կը փափաքինք աւելի լաւ ծանօթանալ մեր հայրենիքին եւ հաստատել, որ սփիւռքը միշտ անոր կողքին է:

Շանթ Տէրունեան

 

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ԶՈՄ-ը պիտի կատարէ իր տարեկան գործուղումը, ուր պիտի տայ տիպար հայու եւ դաշնակցականի նուիրումով դաստիարակութիւնը Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Հպարտութիւն է մեզի համար այսպիսի սուրբ գործի մասնակից ըլլալը, որ մենք ալ մեր կարգին բան մը աւելցնենք մեր նախնիներու սկսած գործին վրայ: Ինչպէս նաեւ «Դէպի երկիր»-ի գաղափարապաշտ ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանի սուրբ ճամբուն:

Նշան Կօշկակարեան

 

4-րդ անգամն է, որ Հայաստան կ՛երթամ, բայց այս անգամ տարբեր է, որովհետեւ կ՛երթամ նպատակով մը: Այդ նպատակն է քարոզչութիւնը, հոգ տանիլ հայ երեխաներուն եւ լաւ ժամանակ անցընել:

Յարութ Թիքիճեան

 

Արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը գործուղուիմ Գառնի, եւ իբրեւ զաւարեանական կը կարծեմ, որ մեր առաքելութիւնը պէտք է շարունակուի ոչ միայն երեք շրջաններու մէջ, այլեւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ: Այս առաքելութիւնն է, որ յառաջ պիտի բերէ սերունդ մը, որ պիտի կերտէ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Մկրտիչ Աւետանեան

 

Հպարտ եւ ինքնավստահ քայլերով պիտի ստանձնեմ ԶՈՄ-ի կատարած այս գործը, որ դաստիարակիչ է Արցախի փոքրիկներուն` հետագայ սահմանապահ զինուորներուն համար:

Նարեկ Սարգիսեան

 

Սպասուած պահը վերջապէս հասաւ եւ բոլորս կը պատրաստուինք դիմաւորելու հայրենիքի մանուկները տարբեր շրջաններու մէջ: Յոյսով ենք, որ յաջողութեամբ կ՛աւարտենք այս գործուղումը` ուրախութեան հետքեր ձգելով մանուկներուն սրտերուն ու դէմքերուն վրայ:

Թամար Բախտիկեան

 

Այս տարի եւս դէպի հայրենիք, սակայն ոչ զբօսաշրջութեան նպատակով: Երրորդ տարին ըլլալով ԶՈՄ-ի մեծ ընտանիքով պիտի ուղղուիմ Հայաստան` անգամ մը եւս երեխաներուն հետ ուրախ եւ հաճելի ժամանակ անցընելու: Իբրեւ ԶՈՄ-ական ամառնային ՀՅԴ ճամբարները շատ կարեւոր են սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Նախորդ երկու տարիներուն իբրեւ խմբապետ ես եւս շատ բաներ սորվեցայ մասնակից երեխաներէն` գիտելիքներս փոխանցելու ժամանակ: Հակառակ անոր որ երրորդ տարին է, որ պիտի մասնակցիմ այս ծրագիրին, բայց այդքան հրճուած եմ, որ հարազատներս կը կարծեն, թէ առաջին անգամն է, որ պիտի գործուղուիմ:

Նանար Սարգիսեան

 

Ասիկա այդ օրերէն մէկն է, որ զգացումներս չեմ կրնար բացատրել: Առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցիմ ճամբարի եւ աւելի կարեւորը` առաջին անգամն է, որ Հայաստան  պիտի այցելեմ: Բաւական խանդավառուած եմ. վերջապէս, ուրախ եմ, որ բոլոր ԶՈՄ-ական ընկերներով հայ փոքրիկները պիտի ուրախացնենք եւ անոնց ցոյց տանք, թէ սփիւռքահայութիւնը միշտ իրենց կողքին է:

Սեւակ Թութուշեան

Նախորդը

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկին 50-Ամեայ Գործունէութեան

Յաջորդը

Թրամփ Պաշտօնապէս Ընդունեց Նախագահի Պաշտօնին Թեկնածու Առաջադրուիլը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.