
Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա, որ ներկայիս անգործ է, փափաք յայտնեց մարզելու երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը:
«Ֆոքս Սփորթս» կը մէջբերէ անոր հետեւեալ խօսքերը. «Տիեկօ Սիմէոնէն չ՛ուզեր ստանձնել մարզիչի պաշտօնը` նիւթական պատճառներով: Ինծի համար նիւթականը երբեք հարց չէ: Կ՛ուզեմ ստանձնել մարզիչի այդ պաշտօնը` առանց նիւթական ակնկալութեան: Շատեր կը կարծեն, որ մարզիչ նշանակուիլս շատ սուղ պիտի արժէ: Անոնք կը սխալին, որովհետեւ ես կարօտցած եմ ֆութպոլիստներու հետ աշխատանքին եւ ոչ թէ նիւթականին»:


