
Անցեալին տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ թանգարան մը բացաւ իր հայրենի Մանաքոր քաղաքին մէջ:
Ան անձամբ մասնակցեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Թանգարանին մէջ զետեղուած են անոր տիրացած բազմաթիւ մրցանակները:
Նշենք, որ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թորոնթոյի մէջ (Քանատա) տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Այդ մրցաշարքէն պիտի բացակային նաեւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ անգլիացի Էնտի Միւրէյ:


