Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի կայանայ չորեքշաբթի, 27 յուլիսին: Նիստին ընթացքին յանձնախումբերը պիտի շարունակեն քննարկել ընտրական օրինագիծերը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ այսօր կայանալիք իր մամլոյ ասուլիսը յետաձգեց երկուշաբթի օրուան: Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն մասին Էրճիյէշի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսը պիտի կատարուի դեսպանատան մէջ, երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իսլամները կը զօրակցին սահմանադրական օրինականութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկը պատրաստ պիտի ըլլայ նախքան սահմանադրական ժամկէտը:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները փակեցին ընկերութեան դռները` բողոքելով այն իրականութեան դէմ, որ ընկերութիւնը մերժած է Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի քննութիւններուն յաջողած 140 սարակ հաստատ պաշտօնեաներ դարձնել:

ԶԱՊԱՏԱՆԻԻ մէջ կատարուող ռմբակոծումները կը լսուին Պեքաայի գիւղաքաղաքներուն մէջ:

ՍԱՅՏԱՅԻ արուարձաններուն մէջ տաք կլիմային պատճառով բռնկեցան երեք հրդեհներ, զորս կարելի եղաւ հակակշռել քաղաքացիական ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները կ՛արտօնեն նախագահական ընտրութիւնը, որ սակայն կ՛արգելակուի լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն չկամութեան պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութիւնները Քանատայէն, Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Սուրիայէն աւելի սուղ են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան չափն ու մակարդակը հասած են այն աստիճանի, որ ոչ մէկ երկրի մէջ կարելի է գտնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը տակաւին կը գտնուի նոյն իրավիճակին մէջ` աւելցնելով, որ ոչ մէկ մակարդակի վրայ թափանցում արձանագրուած է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնները առաջադրելով, հանրապետութեան նախագահութեան հարցը աւելի եւս բարդացաւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իսրայէլեան ծրագիրին եւ անոր բոլոր հետեւորդներուն թիրախը Դիմադրութիւնն է:

ՍՈՒՐԻ հոգեւորականներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին կոչ ուղղեց պաղեստինցի ժողովուրդին կառչած մնալու տունդարձի իր իրաւունքին եւ Դիմադրութեան ընտրանքին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց Հալէպի մէջ տասնամեայ մանուկին գլխատումը` շեշտելով, որ Սուրիայէն սկսեալ մինչեւ Եւրոպա ոճրագործութիւնը կը տիրէ աշխարհին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ Տըննիէի մէջ հաշտեցուց Տահեր եւ Շանտապ ընտանիքները: Ան շեշտեց, որ եղբայրութիւնն ու ուրիշը յարգելը մեր բազմազանութեան միակ միջոցները կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը կ՛ենթադրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրել նախագահ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի մերժեց միջազգային որեւէ ծրագիր, որ կը միտի սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Թրիփոլիի յատուկ աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ լիբանանեան բանակին նուաճումները կը շարունակուին` ընկերութիւնը ահաբեկչութեան վտանգներէն պաշտպանելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը դառնայ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն ամուր խարիսխը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութիւնը կարիքը ունի հրաշքի:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Եռամսեայ Արտակարգ Դրութիւնը Մտաւ Ուժի Մէջ

Յաջորդը

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Առումով Լիբանանի Հետ Գործակցութիւնը Պէտք Է Ամրապնդել» Շեշտեց Եգիպտոսի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.