Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի, Յուլիս Ա. – Մեր Վերականգնումի Ատաղձը

July 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kantsasar_2016

Սուրիական պատերազմի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Անցնող տարիներուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման գտնուեցան բազում դժուարութիւններու: Տնտեսական, կենցաղային դժուարութիւնները մասամբ յաղթահարուեցան, սակայն պատերազմի շարունակուող թոհուբոհը պատճառ հանդիսացաւ գաղութի, այնուհետեւ աշակերտութեան թիւի եւ ուսուցչական մարդուժի նօսրացման:

Ասիկա մեր ընդհանրական ցաւը եղաւ, սակայն հայկական վարժարանները շարունակեցին մարդակերտումի, հայակերտումի իրենց առաքելութիւնն ու, բաղդատաբար երկրիս այլ վարժարաններուն, ուսումնական բարւոք մակարդակի պահպանումը:

Նախորդ օրերուն շրջանաւարտ հունձքերու կազմակերպուած հանդէսները արգասիքն էին ուսումնական տարեշրջանի  բեղուն աշխատանքին ու  հոսանքն ի վեր թիավարելու հայ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, դաստիարակներուն եւ վարչական պատասխանատուններուն աննկուն կամքին:

Եւ ոչ միայն հանդէսները… «Գանձասար»-ի զոյգ համարներով հրատարակուած պետական քննութեանց պատուաբեր արդիւնքները ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ հանդիսանալու կողքին, յուշեցին, որ պատերազմի, գաղթի ու անապահովութեան այս պայմաններուն մէջ անգամ մեր գաղութէն ներս հասակ կ՛առնեն ուսումնատենչ խոստմնալից սերունդներ, որոնք հաւաքական մեր ուշադրութեան պէտք է արժանանան:

Սուրիահայ գաղութը նօսրացած է, սակայն կը շնչէ ու կը գործէ աննախադէպ վճռակամութեամբ: Ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ սուրիահայ համայնքի վերականգնումի եւ վերակազմակերպման մեր ռազմավարութեան մէջ  երիտասարդ ուսեալ տարրին ներգրաւումը աւելի քան առաջնահերթութիւն է այս օրերուն:

Մեր երիտասարդ ուսեալ տարրը ուսումնական իր պատուաբեր ընթացքով փաստօրէն կը հաստատէ, որ ընդունակ է յառաջանալու  ուսումնական զանազան ասպարէզներու մէջ, որ` ահաբեկչական յետադիմական գաղափարներն ու վախի եւ սարսափի մթնոլորտը չեն պղտորած գիտական բարձունքներ նուաճելու անոր տեսլականը:

Այս տարրը կը հաստատէ, որ Սուրիոյ պատերազմին մէջ մեր կեանքը ամէնօրեայ պայքար է, իսկ հայ դպրոցը կանգնած է յառաջապահի դիրքին վրայ:

Այս իմաստով, շրջանաւարտ մեր երիտասարդները սուրիահայ համայնքի վերականգնումին ու վերակազմակերպման հիմնական ատաղձը կրնան կազմել:

Ուսեալ այս տարրը ազգային կեանքին մէջ ներգրաւելու, միաժամանակ անոր ուսումնական յառաջընթացին թափ տալու  ռազմավարութիւնը երաշխիքը պիտի ըլլալ սուրիահայ համայնքի վերականգնման աշխատանքերուն, որովհետեւ լուսամիտ երիտասարդութիւնն է մեր ապագան: Զայն ազգային կեանքին մէջ ներգրաւելով,  գաղութի վերականգնման նպաստող մասնագիտութիւններու ուղղելով ու մանաւանդ հետագային անոր համար գործի համապատասխան ասպարէզներու  որոնումով կրնանք պահպանել ու զարգացնել մարդուժի այնպիսի կորիզ մը, որ գիտակցելով իր կարեւոր դերակատարութեան` իր ներուժն ու տաղանդը ի սպաս կը դնէ գաղութի վերականգնման, գուցէ եւ` նոր միտքերով, նոր գաղափարներով, նոր որակով:

Բնականաբար բազմաթիւ են ուսեալ երիտասարդութեան դիմաց ծառացող հարցերը, ինչպէս` պատերազմական առօրեայի մէջ ապագայի ուրուագծման դժուարութիւն, կայուն գործի ապահովում: Այնուամենայնիւ այդ դժուարութիւնները յաղթահարելի կը դառնան, եթէ նոյնինքն երիտասարդութիւնը դուրս գայ կրաւորական իր կեցուածքէն, ըլլայ նախաձեռնող, իսկ համայնքը կարենայ ներգրաւել  ուսեալ տարրը վերականգնման աշխատանքներուն մէջ, որովհետեւ  առանց ուսեալ, նախաձեռնող երիտասարդ մասնագէտներու յառաջիկային դժուար պիտի ըլլայ վերակազմակերպել  մեր ազգային ու հանրային կեանքը: Համայնքի թիւի նօսրացման կասեցումը կախեալ է երկրի ապահովական եւ կենցաղային պայմաններէն, սակայն որակի նօսրացման առաջքը կարելի է առնել` պատրաստելով երիտասարդ մարդուժ եւ զայն ներգրաւելով համայնքի վերականգնման զանազան աշխատանքներուն մէջ:

Կը հաւատանք, որ պատերազմի ճիրաններուն մէջ գոյատեւող ուսեալ մեր երիտասարդութիւնը, միանալով մեր հաւաքական պայքարին, պիտի կարենայ նոր ներուժ հայթայթել սուրիահայ համայնքին:

«Գ.»

Նախորդը

Պատմական Անին Կ՛ընդգրկուի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

Յաջորդը

Պետական Հարուածէն Ետք…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.