
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Փաթրիք Քլուիվերթ նշանակուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն: Այս մասին յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է, այս պաշտօնը ստանձնել Եւրոպայի ամէնէն մեծ եւ անուանի ակումբի մը հետ: Ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ այս առաքելութիւնս յաջողցնելու եւ Լիուլի կատարելու իմ պարտականութիւններս», ըսաւ 40 տարեկան հոլանտացին:
Նախքան իր այս նոր պաշտօնի ստանձնումը, Քլուիվերթ Այաքս Ամսթերտամի երիտասարդներու խումբին մարզիչն էր, իսկ 2012-2014 ժամանակամիջոցին ան Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչներու խմբակին մաս կը կազմէր:


