Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ` ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ (Երեւան, 19-20 սեպտեմբեր 2011)

September 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ փորձենք իրապաշտ արժեւորումը կատարել վերջին քսան տարիներու Հայաստանի պատմութեան` իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, կրնանք անվարան վկայել, թէ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ահաւոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հրաշքի համազօր իրագործումներ կատարուեցան: Հետեւաբար, մեր ազգին պատմահայրը` Մովսէս Խորենացին, երբ մեզի հետ ըլլար, պիտի ըսէր. «Թէեւ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ… սակայն բազում գործք արութեան գտանին եւ ի մերումս աշխարհի եւ արժանի գրոց յիշատակի»:

Այո՛, բազմաթիւ «արութեան գործեր» կատարուեցան Հայաստանի թէ Ղարաբաղի մէջ` շնորհիւ մեր ժողովուրդի հոգեւորական թէ աշխարհական, քաղաքագէտ թէ շինական, մտաւորական թէ զինուոր արի զաւակներուն, որոնք Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու պետականութեան ամրապնդման  եւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին բերին իրենց ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութիւնը` նոյնիսկ իրենց արեան նահատակութեամբ: Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ անոնց:

Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի մէջ ազատ ու անկախ Հայաստանի երազով ապրեցանք, տագնապեցանք ու պայքարեցանք: Այսօր, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, դա՛րձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ հայրենիք: Ճի՛շդ է, անկախութեան կերտումը դժուար է. սակայն, անկախութեան պահպանումն ու ամրապնդումը շա՛տ աւելի դժուար է. ան կը պահանջէ հաւաքական հաւատք ու կամք եւ մանաւանդ ամբողջական յանձնառութիւն:

Արդ, այսօր միայն անցեալին նայելու ու անցեալի իրագործումներով հպարտանալու օր չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ ապագայի՛ն նայելու եւ ապագայի տեսիլքով հզօրանալու ու համահայկական վճռակամութեամբ ապագային քալելու օր է:

Ահա երրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ նման համահայկական համաժողով մը: Արդարեւ, նման հաւաքներ, անկախ իրենց օրակարգի հարցերէն, կատարած քննարկումներէն ու հրապարակած յայտարարութիւններէն, կենսական են մեր ազգին ամբողջականութիւնը արտայայտելու ու միասնականութիւնը խորացնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական  ու գերագոյն շահերուն, տագնապներուն ու ձգտումներուն շուրջ համախմբելու Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ սփիւռքի մեր աշխարհացրիւ զաւակները: Նման համազգային հաւաքներ մանաւանդ պատեհ առիթներ են բարձրաձայն մտածելու մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող հիմնահարցերուն մասին:

Համաժողովի օրակարգին վրայ ճշդուած են չորս գլխաւոր հարցեր, որոնք առանցքը պիտի հանդիսանան ձեր քննարկումներուն: Ժամանակը չի ներեր ըստ էութեան անդրադառնալու այս խնդիրներուն: Սակայն, պիտի ուզէինք կարգ մը մտածումներ ու մտահոգութիւններ բաժնել համաժողովին հետ` որպէս ուղեցոյց կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն:

Ա) Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը մեր ազգի ապագային համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող մարտահրաւէր մըն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումն ու սփիւռքի վերակազմակերպումը, ինչպէս նաեւ մեր այլ համահայկական հարցերուն ճիշդ հունաւորումը եւ արդար լուծումը լայն չափով աղերս ունին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ ծաւալող սերտ ու ամբողջական գործակցութեան հետ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեցակէտով ծրագրել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը  իր բոլոր տարածքներով ու մարզերով, ի գործ դնելով մեր ազգին ամբողջ կարողականութիւնը եւ հեռու մնալով պարագայական նախաձեռնութիւններէ: Կ՛ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ եւ անմիջականօրէն ու գոյութենական կերպով ենթակայ` համաշխարհայնացման մշակոյթին, մտածելակերպերուն ու գործելակերպերուն: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնալ ժամանակավրէպ գործելաձեւերէ եւ որդեգրել այնպիսի ոճ ու մօտեցում, որոնք համահունչ են մեզ շրջապատող ներկայ պայմաններուն եւ առաւելագոյն չափով կը ներգրաւեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը համահայկական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Բ) Եթէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական տեսլականով ու մտածողութեամբ չէ հունաւորուած, ան կը դառնայ մակերեսային ու ժամանակաւոր: Այլ խօսքով, չի բաւեր միայն համահայկական ձեռնարկներ կազմակերպել ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահել. հրամայական անհրաժեշտութիւն է համահայկական մտածողութիւն զարգացնել, որպէսզի կարենանք համահայկական մօտեցումներ որդեգրել եւ կեցուածքներ ճշդել հայրենիքին ու ազգին դիմագրաւած ընդհանրական հարցերուն գծով: Անկասկած նման հաւաքներ կրնան նպաստել այդ ուղղութեամբ, սակայն բաւարար չեն: Համահայկական մտածողութեան մշակումը պէտք է դարձնել մեր մտածումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն կիզակէտը` պահելով ու յարգելով հանդերձ Հայաստանի ու սփիւռքի մօտեցումներուն տարբերութիւնները` բնականաբար միշտ ի նպաստ մեր գերագոյն արժէքներուն ու ընդհանրական շահերուն: Այլեւս հարկ է անդրանցնիլ «մենք»ի եւ «դուք»ի մտայնութիւնը եւ խորացնել հաւաքական «մենք»ի գիտակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է տրուի սփիւռքին` իբրեւ մեր ազգին կենսական ներուժը ներկայացնող մէկ կարեւոր հատուածը, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան` ի խնդիր անոր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազգային դիմագիծին պահպանման: Արդ, Հայաստանի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը եւ սփիւռքի վերակազմակերպումը` իբրեւ, անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան կեանքին ճանապարհը, մտածողութեան առանցքը, պայքարին նշանաբանը:

Գ) Այսօր մեր հայրենիքն ու ազգը կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ: Մեր հայեցողութեամբ, ազգին մեծագոյն տագնապը այն փաստացի իրողութիւնն է, որ Հայաստանէն արտագաղթը նո՛յն թափով կը շարունակուի: Այս մասին մեր մտահոգութիւնը յայտնած էինք Հայաստան-սփիւռք Բ. համաժողովին. նո՛յնը կը կրկնենք առաւե՛լ ուժգնութեամբ ու խոր ցաւով: Կը սպասենք, որ այս ահազանգը արձագանգէ Հայաստանի իշխանութեան, մտաւորականութեան, մեր հասարակական կառոյցներուն ու հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Մեր թշնամին  ուզեց Հայաստան մը` առա՛նց հայութեան: Այսօր մենք մե՛ր ձեռքերով կը պարպենք Հայաստանը իր ժողովուրդէն, իր ստեղծագործ ոգիէն, իր որակէն: Այս տագնապին ետին գտնուող ընկերային – տնտեսական պատճառներուն ազդու լուծումներ որոնելը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է` առաջքը առնելու համար մեր ազգի այս ներքին արիւնահոսութեան: Իսկ փտածութեան, կորուպցիա կոչուող հիւանդութեան արագասոյր ընթացքը, այլ խօսքով` փոքրամասնութեան մը տնտեսական յղփացած վիճակը եւ անոր դիմաց մտաւորականներուն, գրողներուն, ուսուցիչներուն ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կենցաղային խեղճ պայմանները անհրաժեշտ է, որ շուտով հիմնական բարեփոխութեան ենթարկուին` բարոյական արժէքներու, օրինական սկզբունքներու եւ ընկերային հաւասարութեան չափանիշերու ամբողջական կիրառումով: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն դիմաց:

Դ) Վերջապէս, ազգովին կը պատրաստուինք նշելու հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին կողմէ նշանակուած 100-ամեակի յանձնախումբի առաջին նիստին ըսինք` սովորական ամեակ մը չէ, որ պիտի նշենք, պարզապէս ծաղկեպսակ զետեղելով, մոմ վառելով, յայտարարութիւններ կատարելով կամ ցոյցեր կազմակերպելով: Մենք պահանջատէր ազգ ենք. մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուած է, մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն սեփական տուները, հողերը, ինչքերը բռնագրաւուած են ցեղասպան թուրքին կողմէ: Հաւատարիմ մեր պապերու կտակին, մենք պիտի շարունակենք եւ պէտք է շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը` Հայաստանը իբրեւ պետութիւն իր մօտեցումով ու ոճով, եւ սփիւռքը` իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ազգի միւս թեւը` իր ոճով ու մօտեցումով. սակայն աշխարհին պիտի ներկայանանք իբրեւ մէ՛կ ազգ, հաւաքական մէ՛կ կամքով, մէ՛կ ձայնով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ:

Ահա այս մտածումներով ու սպասումներով կ՛ողջունենք ձեր բոլորը եւ ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր խորհրդակցութիւններուն ու աշխատանքներուն մէջ: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ զօրեղ պահէ մեր ազգը իր հայրենիքով, ամուր` իր հաւատքով, տոկուն` իր կամքով ու պայծառ` իր ապագայով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

19 սեպտեմբեր, 2011
Երեւան, Հայաստան

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԵՔ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ

Յաջորդը

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒՐՈՅԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՆԻՇԻՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.