Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

July 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

DSC01230

Երեւանի կեդրոնը, Արամ 9 փողոցի վրայ կը գտնուի կիսաւեր շէնք մը, որ տարիներէ ի վեր լքուած է անհոգատար: Շէնքին վիճակը վթարային է: Շէնքին յատակը, միջնայարկն ու տանիքը քանդուած են: Կը մնայ պատերուն մէկ մասը: Պատերու ներքեւի տարածքը վերածուած է աղբանոցի:

Այսպիսի շէնքերու յաճախ կը հանդիպինք այլ քաղաքներու մէջ եւս: Բնական երեւոյթ է, երբ անցեալին ճոխ ու շէն կառոյցի մը տէրը կը մահանայ կամ կը մեկնի եւ կառոյցը կը մնայ անհոգատար: Երկար չի տեւեր այս վիճակը, որովհետեւ քաղաքի պատկան մարմինները կամ կառոյցին նոր տէրը անմիջապէս նորոգումի կամ վերաշինութեան կը նախաձեռնեն:

Սակայն Արամ 9 փողոցի շէնքին վիճակը բնական չենք կրնար համարել, որովհետեւ այդ շէնքը սովորական կառոյց մը չէ: Անիկա Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տունն է: Ասիկա տունն է այն մեծ հայուն, որուն կը պարտինք մեր ազգային մնացորդացի գոյութեան փրկութիւնը եւ դարերէ ի վեր կորսնցուցած մեր «քաղաքական անօթ»-ին վերանուաճումը:

Արամին տունը մեր ազգային ժառանգութեան կը պատկանի: Այս հաստատումը թէ՛ ճշգրիտ եւ թէ՛ արդարացի է: Թիֆլիսէն Երեւան հասած Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը իր սկզբնական ժողովներն ու աշխատանքի նիստերը այս տան մէջ ունեցաւ: Այս տան մէջ մեր կառավարութեան դահլիճը, նախարարները եւ այլ պատասխանատուները ծրագրեցին մեր մանուկ պետութեան ընթացքի ճանապարհը: Այդ տան մէջ ապրեցաւ ու մահացաւ Արամ Մանուկեանը:

Ափսո՛ս, հայրենի յաջորդական կառավարութիւնները ցարդ անտեսած են այս տունը, իսկ հայ հանրութիւնը գրեթէ զայն լքած է անէացման ճակատագրին: Աւելի ցաւալին ու դատապարտելին, անոր նոր տէրերը, շահակցական հաշիւներէ մղուած, տարիներէ ի վեր նպատակադրեալ կերպով վթարային վիճակի մէջ կը պահեն այս շէնքը: Ի տես ասոր, կատարեալ լռութիւն կը ցուցաբերեն մշակոյթի նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետութիւնը: Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ պատմական կառոյցներու վերաբերող «Հին Երեւան» նախագիծին, որուն պատասխանատուները չեն յիշեր իսկ, որ պատմական տուն մը գոյութիւն ունի Արամ 9 փողոցին վրայ:

Արամի տան հանդէպ այս անփոյթ վերաբերմունքին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները հակասահմանադրական ու հակաօրինական ընթացքի մէջ են: Պատմական ու մշակութային արժէքներու գծով Հայաստանի սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ անոնց կիրարկման համար որդեգրուած օրէնքները յստակ պարտաւորութիւններ կը դնեն հայրենի պետութեան ու կառավարութեան վրայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան (ընդունուած` 6 դեկտեմբեր 2015-ին) 11-րդ յօդուածը կը տրամադրէ. «Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները, մշակութային այլ արժէքները գտնւում են պետութեան հոգածութեան եւ պաշտպանութեան ներքոյ»: Արդ, հայրենի իշխանութեան սահմանադրական պարտականութիւնն է փրկել, հոգալ, պաշտպանել ու պահպանել Արամի տունը, քանի որ անիկա պատմութեան յուշարձան է, այսինքն պաշտպանելի ազգային արժէք եւ ժառանգութիւն է:

Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար սահմանադրական այս պարտաւորութենէն խուսափիլ այն պատրուակով, որ Արամի տունը սեփականութիւնն է անհատներու, որոնց սեփականատիրութիւնը պաշտպանուած է սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով:

Ճիշդ է, Արամի տան սեփականատէրերը, ինչպէս ոեւէ քաղաքացի սեփականատէր, չեն կրնար զրկուիլ իրենց սեփականութենէն` ըստ օրինի եւ ըստ սահմանադրութեան: Սակայն հանրային նպատակներու համար պետութեան կողմէ անձի սեփականութիւնը վերցնելը շատ հին եւ ընդունուած օրէնք է: Անգլիախօս երկիրներու մէջ այս օրէնքը կը կոչուի «Eminent Domain»,  Հայաստանի մէջ` «սեփականութեան օտարում»: (Բնականաբար, սեփականութեան օտարումի մը պարագային, պետութիւնը պարտաւոր է անհրաժեշտ հատուցումը կատարել խնդրոյ առարկայ անձին):

Սեփականատիրութեան օտարումը մաս կը կազմէ Հայաստանի սահմանադրութեան, որուն 31-րդ յօդուածը, ի միջի այլոց, կ՛ամրագրէ. «Սեփականութեան օտարումը հասարակութեան եւ պետութեան կարիքների համար կարող է կատարուել միայն բացառիկ` գերակայ հանրային շահերի դէպքերում, օրէնքով սահմանուած կարգով, նախնական համարժէք փոխհատուցմամբ»:

Այս տրամադրութեան համաձայն, պետութիւնը սեփականատիրութեան օտարում կրնայ կատարել, երբ առկայ են հետեւեալ երկու տուեալները.

ա) Հասարակութեան եւ պետութեան կարիքը, բ) Բացառիկ` գերակայ հանրային շահի գոյութիւնը:

Այս տուեալներու հիմամբ, սեփականատիրութեան օտարումը կը կիրարկուի օրէնքով սահմանուած կարգով, այսինքն` ըստ որդեգրուած ընթացակարգային կանոններու: Երբ կալուածի մը սեփականատիրութեան օտարման օրինական որոշումը կայացած է, պետութիւնը պէտք է կատարէ համարժէք փոխհատուցումը:

Արամի տունը կը լրացնէ սեփականատիրութեան օտարումի երկու տուեալները: Այսպէս, առաջին տուեալը: Խնդրոյ առարկայ շէնքը պատմական յուշարձան է եւ ազգային արժէք կը ներկայացնէ: Իբրեւ այդպիսին` գոյութիւն ունի թէ՛ հասարակութեան եւ թէ՛ պետութեան կարիք: Հայ հասարակութեան եւ հայրենի պետութեան կը պատկանին Արամի տան նման պատմական ու ազգային վայրեր: Այս կարիքը նաեւ կը ներառէ գալիք սերունդները, որոնք Արամի տան ներկայութեամբ պիտի յիշեն ու հաւատարիմ մնան հայոց պատմութեան:

Երկրորդ տուեալը: Արամի տունը, իբրեւ ազգային ժառանգութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան կոթող, պատմական բացառիկ արժէք եւ գերակայ ազգային շահ կը ներկայացնէ:

Կան բազմաթիւ նախընթացներ, երբ հայրենի իշխանութիւնները սեփականատիրութեան օտարում կատարած են` հիմք ունենալով հասարակական ու պետական կարիքը եւ բացառիկ գերակայ շահը: Օրինակի համար, 2010-ին Կոտայքի մարզի Արտավազ համայնքին մօտ 96 հեկտար հողատարածքը օտարումի ենթարկուեցաւ: Հողատարածքը նկատուեցաւ «բացառիկ գերակայ շահ»` հիմք ունենալով անոր «քաղցրահամ եւ հանքային ջրերի արդիւնահանման եւ շշալցման գործարանի կառուցման» ծրագիրը: Այլ օրինակ մը. 2011-ին Քաջարան գիւղէն մօտ 600 հեկտար տարածք օտարումի ենթարկուեցաւ` հոն գտնուող հանքերու շահագործումը յայտարարելով «հանրային գերակայ շահ»: Նման օրինակներ շատ են: Զարմանալիօրէն բոլորն ալ կը վերաբերին պետութեան կողմէ սեփականատիրութեան օտարումի` ի շահ սեփական շահ հետապնդող գործարար անհատներու կամ ընկերութիւններու:

Արդ, Հայաստանի մէջ սեփականատիրութեան օտարումի օրէնքը ի զօրու է եւ կը կիրարկուի: Այդ օրէնքը ցարդ գործածուած է ի սպաս գործարար մարդոց եւ ընկերութիւններու, որոնց ձեռք բերելիք արտաբերումները համարուած են գերակայ շահ:

Արամի տունը սեփականութիւնն է անհատ շահատէրերու, ճիշդ այնպէս` ինչպէս Արտավազ համայնքին մօտ 96 հեկտար հողատարածքը եւ Քաջարան գիւղի մօտ 600 հեկտար տարածքը: Այս վերջինները գերակայ շահերու հիման վրայ  օտարումի ենթարկուեցան` ի շահ սեփական շահ հետապնդող սեփական միաւորներու:

Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը հեշտութեամբ գերակայ շահ կը գտնէ անհատ գործարար մարդոց կամ ընկերութիւններու համար, Արամի տունը կը ներկայացնէ ազգային ու պատմական արժէքի գերազանցօրէն գերակայ շահ` ի խնդիր հասարակական, ազգային ու պետական կարիքներու:

Հայաստանի «Հողային օրէնսգիրք»-ի 19-րդ յօդուածը կը վերաբերի «Յատուկ պահպանուող տարածքների»: Սոյն յօդուածին թիւ 1 կէտը «Յատուկ պահպանուող տարածքների հողեր» կը համարէ, ի շարս այլոց, «պատմական եւ մշակութային… նշանակութիւն ունեցող հողամասերը»: Թիւ 2 կէտին մէջ «Յատուկ պահպանուող տարածքների հողերը» դասակարգուած են, ուր առանձին դասակարգում ունի «պատմական եւ մշակութային» հողամասը: Արամի տունը, այս օրէնքի հիմամբ, պատմական եւ մշակութային հողամաս է եւ իբրեւ այդպիսին` յատուկ պահպանուող տարածք:

Սահմանադրութեան 11-րդ եւ 31-րդ յօդուածները, ինչպէս նաեւ հողային օրէնսգրքի 19-րդ յօդուածը կը պարտաւորեցնեն Հայաստանի կառավարութիւնը` Արամի տունը յայտարարել հասարակութեան եւ պետութեան կարիք ու զայն նկատել բացառիկ եւ գերակայ հանրային շահ: Այդ հիմամբ, հայրենի կառավարութիւնը պարտի Արամի տունը ենթարկել այլոց սեփականատիրութեան օտարումի եւ զայն վերադարձնել հանրային սեփականութեան:

Հայրենի կառավարութիւնը Արամի տան հարցը պէտք է անյապաղ իր օրակարգին վրայ բերէ ու որդեգրէ համապատասխան որոշում` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին: Եթէ կառավարութեան Հանրապետական կուսակցութեան նախարարները պիտի դժկամին այս նախաքայլին, այդ պարագային օրակարգի նիւթ պէտք է դարձնեն ՀՅ Դաշնակցութեան նախարարները, որոնք ի սկզբանէ կառավարութեան մէջ պէտք է նախաձեռնողն ու տէրը ըլլային Արամի տան հանրականացման ու պահպանման:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»-ը Միայն Լոզունգ Չէ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.