
13 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան կեդրոնական կառոյցներու բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկէյ Կարապետեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու նուազեցման գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Ճորճը:

«Առողջապահութեան մարզին մէջ նման տարրալուծարանի բացումը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ այն, որ մենք հանրային առողջապահական ծրագիրները կը նկատենք գերակայ ուղղութիւն, եւ իւրաքանչիւր նման ծրագիր արժանահաւատ կը դարձնէ մեր մօտեցումները բնակչութեան համար: Անիկա կոչուած է ամբողջովին փոխելու մեր պատկերացումները վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերման, անոնց պատճառներու ճշդման եւ կանխարգիլող արշաւներու կազմակերպման առումով», ըսած է առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը` տեղեկացնելով, որ 14 յուլիսին նմանատիպ կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Գիւմրիի մէջ: Կեդրոնները կառուցուած եւ վերանորոգուած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու նուազեցման գործակալութեան աջակցութեամբ:
Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է երկու նախարարութիւններուն հետ համագործակցութիւնը: «Այս նոր ազգային կառոյցի բացումը եւ մեր համագործակցութիւնը նախարարութիւններուն հետ շահաւէտ է ո՛չ միայն Հայաստանի համար` ապահովելով երկրի անվտանգութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին համար` օգնելով հիւանդութիւններու տարածման դէմ պայքարին: Մենք գիտենք, որ ներկայիս համաշխարհայնացուած եւ փոխկապակցուած աշխարհին մէջ հիւանդութիւնները սահմաններ չեն ճանչնար: Ուստի պէտք է բոլորս միասին աշխատինք կենսաբանական զէնքերու տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ»:
Էլիզապէթ Ճորճ յայտնած է, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին համար ներդրուած է 4,1 միլիոն, իսկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին համար` 9,8 միլիոն տոլար:


