Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՏՕՆԻ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ. ԱԶԳԻ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԵՐՏՈՒ՞Ի ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՔՍԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՇՓՈԹԵՑՆՈՂ ԽՕՍՔԵՐՈՎ

September 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յոգնածութեամբ, տարբեր բան չըսելու համար, մեր զարտուղութիւններուն, հակասութիւններուն, խարխափումներուն եւ այլանդակութիւններուն մասին դադրած էի խօսելէ եւ գրելէ:

Ֆրանսա գրքոյկ մը լոյս տեսաւ, որուն անունն է`  «ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք», «INDIGNEZ-VOUS»: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ միլիոնաւոր սպառում: Հեղինակը կոչ կ’ընէ ընդվզելու:

Արաբական աշխարհի ժողովուրդները գիտցան ընդզվիլ: Զոհեր տուին: Առանց ընդվզումի վերանորոգչական ունակութեան` կեանքը, ընկերութիւնը, կը նստին ճահճացման վրայ:

Կ’անդրադառնամ, որ վերանկախացման քսան տարիները մտայնութիւնները ոչ միայն չեն փոխած, չեն ազնուացուցած, այլ անոնք յետադիմած են, այս` բազմաթիւ ճակատներու վրայ:

Պիտի չխօսէի, եթէ Մարօ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ, բանասէր, մանկավարժ, «ԱՆԿԱԽ» թերթի 10 յուլիս 2011 համարով լեզուական-կրթական խնդրի մը անդրադարձած չըլլար: Դասագիրքերու պատրաստութեան մրցոյթ եղած է:

Մարօ Խաչատրեան ընդունուած գիրքէն արտագրումներ ըրած է եւ կատարած է մեկնաբանութիւն: Կը հետեւինք իրեն: Հայաստանի մտաւորականը տեսած է եւ վեր առած` մտածումի զարտուղութիւնը:

Կը կարդանք.

1.- Հայերէնի այբուբենը եւ տառերի թուային արժէքը,

2.- «Արեւելահայերէնի այբուբենի եւ գրանշանների համապարփակ հաւաքածուի մասին» նախագծի մի հատուած (2000 թ.),

3.- Արեւելահայերէնի այբուբենը:

Յաջորդ էջում էլ տրւում է մի հատուած Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» երկից, որով էլ «ապացուցւում է», որ Սուրբ Մեսրոպը միայն արեւելահայերի համար է ստեղծել այբուբենը: Դէ ե՛կ, 11-12 տարեկան աշակերտ, մտածիր` իսկ արեւմտահայերէնի այբուբե՞նն ով է ստեղծել… Կամ գուցէ արեւմտահայերէնը գրանշանների համակարգ չունի՞… Արեւմտահայերէնի ուսումնական ձեռնարկներում  երբեք հայերէնի այբուբենը չի  ներկայացւում իբրեւ արեւմտահայերէնի սեփականութիւն. նկատի առնենք, որ հասկանալի պատճառներով Սուրբ Մեսրոպի այբուբենը, թերեւս, աւելի շատ արեւմտահայերէնինն է…

Ըսելէ ետք, ամենայն ճշդութեամբ, ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՅԲՈՒԲԵՆ, դասագիրքի հեղինակները կը խօսին ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՈՒ ԳՐԱՆՇԱՆՆԵՐու մասին:

Լեզուաբանական վէճի հարց յարուցանելու ցանկութիւն չունիմ: Բայց ես ինծի իրաւունք կու տամ հարցնելու, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին եւ դպրոցականները ի՞նչ պիտի հասկնան եւ ի՞նչ պիտի մտածեն կարդալով վերոնշեալ տողերը: Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդները, խորհրդաժողովներ եւ փառատօներ, երբ իրարու կը հանդիպին, պիտի պատահի՞, որ Հայաստանի երիտասարդները սորված ըլլան եւ կրկնեն, թէ Մեսրոպի այբուբենը իրենց կը պատկանի, իրենց համար հնարուած է, հնարուած է արեւելահայերէնի համար:

Ի՞նչ պիտի մտածեն սփիւռքի մտաւորականները: Պիտի հակազդե՞ն: Պիտի ընդվզի՞ն: Դպրոցականները բարեբախտաբար պիտի չտեսնեն վերոնշեալ տողերը, շփոթի աւերը նուազ պիտի ըլլայ:

Մինչեւ այսօր կ’ըսուէր, որ հայ ժողովուրդի լեզուն հայերէնն էր, մէկ էր անցեալին` գրաբարով, մէկ էր իր զոյգ աշխարհաբարներով, որոնց համար հռետորական խօսք կ’ըսուէր, որ երկուքն ալ մեր մշակութային հարստութիւնն էին:

Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է: Քաղաքականօրէն ուրախ էինք, որ այդ ընդհանրական ըմբռնում էր:

Այժմ կը ստիպուինք մտածելու, որ հայրենի պետութեան, կրթական նախարարութեան եւ մտաւորականութեան համար հայերէնը կ’ըմբռնուի որպէս սոսկ արեւելահայերէն, այսինքն հայերէնին մէջ տեղ չի մնար արեւմտահայերէնին:

Մեր զգացականութեան զոհ ըլլալով` յաճախ մեր ականջները խցած ենք, չլսելու համար, որ` արեւմտահայերէնը բարբառ է, որ ան դատապարտուած է անհետանալու, հետեւաբար հայերէնը մէկ է, այդ ալ արեւելահայերէնն է:

Ալ ինչո՞ւ ուրիշ բացատրութիւններ փնտռել: Քանի որ Մեսրոպ հայերէն այբուբենը հայերէնի համար հնարած է, ուրեմն հնարած է արեւելահայերէնին համար:

Արեւմտահայերէնի այբուբե՞նը… Կրնա՞յ պատահած ըլլալ, որ չինացի Մամգուն իշխանը` Մամիկոնէից նախահայրը, հետը բերած էր Չինաստանէն… Կամ արհամարհանքը հասած է հոն, որ արեւմտահայութիւն եւ Արեւմտահայաստան «քիթապսըզ» օսմանցի հպատակ ծագումով հայեր են:

Կրկին կարդալ վերոնշեալ մէջբերումը` առանց երբեք խորհելու, որ գրուածը երգիծական էջ մըն է:

Իսկ եթէ այս ուղեղալուացքով կը մտածեն վերջ տալ հայերէնի հարազատ ուղղագրութեան վերականգնումին` սրբագրելու համար սխալագրութիւնը, ինչպէս կ’ըսէր խնկելի յիշատակ ձգած փրոֆ. Լեւոն Խաչերեան, թող վերջ տրուի կարգախօսային հռետորութեան, որ կը շեփորէ «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ»:

Նման պահերու միշտ կը յիշեմ ժապաւէնի մը անունը. «Օդաչու կա՞յ օդանաւին մէջ»:

Կը յիշեմ նաեւ սփիւռքի վաստակաւոր արուեստագէտին խիտ տարազումը. «Դուք կ’ըսէք` մէկ ազգ մէկ մշակոյթ, բայց կը հասկնաք մենք ազգ մենք մշակոյթ»:

Պիտի չզարմանամ, եթէ վաղը, ինչպէս այդ պատահեցաւ Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովի նախօրեակին, հայրենի ականաւոր մտաւորականներ, ակադեմիկոսներ, գրողներ, ոմանք առանց յայտարարութիւնը կարդացած ըլլալու, հաւաքաբար հրապարակ գան` ըսելով, որ այս մտածումները «ներշնչուում են հայատեաց կենտրոններից»:

Եւ ըսել, որ մենք կը յաւակնինք թուրքին հետ երկխօսութիւն հաստատել… Իսկ ի՞նչ ըսել ներազգային երկխօսութեան համար…

Եթէ Օքսֆորտ ուսանած ըլլայի, Շէյքսփիրի հետեւութեամբ պիտի ըսէի, որ` «Բան մը սխալ է Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»:

 

24 օգոստոս 2011, Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

ՅԱՐԳԱՆՔ` ՊԱՐՈՅՐ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

Ս. ԽԱՉԻ ՆՇՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.