
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ 42-րդ անգամն ըլլալով յետաձգեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Պըրրիի որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 8 օգոստոս 2016-ին:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան տեղի ունենալիք խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստը եւս յետաձգուեցաւ, նոյն պատճառով:
Որոշուեցաւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստը յետաձգել 27 յուլիսին, քննարկելու համար ընտրական նոր օրինագիծը:
Նախագահական ընտրութեան նիստին յետաձգումէն ետք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ելեւմտական հարցերու կարգապահութեան առումով արտասանուած խօսքը ուղղակիօրէն ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հասցէին չէր ուղղուած:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան ԺորԺ Ատուան նշեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը կարիքը ունի, որ երկրին իշխանութիւնները զօրաշարժի ենթարկուին:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու ընտրական օրէնքի մշակման նիստերը, որպէսզի կարելի ըլլայ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը:
Ֆաթֆաթ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ կատարուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Լիթանիի գետի ապականումին եւ կոչ ուղղեց գետը ապականումէ մաքրելու նախաձեռնութեան մը:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիթանի գետին վերաբերող օրինագիծը անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան շրջագիծին մաս կը կազմէ:


