Նախապէս յայտնած էինք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան առիթով «ԱԶԴԱԿ» կազմակերպած էր յատուկ մրցանք մը, որուն յաղթողը պիտի ստանար Պէյրութ-Վառնա-Պէյրութ երթուդարձի օդանաւային տոմս մը, մէկ շաբթուան կեցութեան, պանդոկի եւ փոխադրութեան (օդակայանէն պանդոկ եւ պանդոկէն օդակայան) ծախս` «The Travel Shop-Orient Plus» ճամբորդական ընկերութեան կողմէ:
Վերջին պայմանաժամ ճշդուած էր հինգշաբթի, 30 յունիս 2016:
Մինչեւ վերոնշեալ թուականը, «ԱԶԴԱԿ»-ի խմբագրատուն հասան 85 կտրօններ, բնականաբար` ոչ պատճէնահանուած:
Առաւելագոյն նիշը ապահովեց Դրօ Մսըրլեան, որ այսպիսով կը շահի Պէյրութ-Վառնա-Պէյրութ երթուդարձի օդանաւային տոմսը:
Կը շնորհաւորենք Դրօ Մսըրլեանը` անոր մաղթելով բարի ճանապարհ եւ բարի վայելում:


