
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ` Մարիօ Կէօթցէ, ամառնային մարզիկներու փոխանցման ընթացքին, կ՛ուզէ լքել իր ակումբը` Պայէրն Միւնիխը, այս մասին կը յայտնէ “Bild”-ը:
24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախապէս կ՛ուզէր մնալ իր կազմին հետ, այժմ բանակցութիւններու սկսած է անգլիական երկու ակումբներու` Թոթենհամի եւ Լիվըրփուլի հետ, կը յայտնէ վերոնշեալ աղբիւրը:
Կը խօսուի նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ անոր վերադարձին մասին, ուրկէ ան հեռացած էր 2013-ին:
Պունտըսլիկայի 2015-2016 տարեշրջանին, ան վիրաւոր ըլլալով մասնակցեցաւ 21 մրցումի, նշանակելով 6 կոլ, իսկ Եուրօ-2016-ին, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 4 մրցումի:


