Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով` Քաղաքական Ներդրումներու Թակարդներուն Մէջ Չիյնալու

July 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

SALAM_SERAILLE_71116

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմակերպած Վտանգներու եւ աղբիւրներու քարտէսներ ծրագիրին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել, ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու:

Ան կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականներուն հարցով` քաղաքական ներդրումներու թակարդներուն մէջ չիյնալու, նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը զգայուն է` ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին եւ աշխարհին համար:

Վարչապետ Սալամ գնահատեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի ջանքերը` սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց կարիքները հոգալու առումով:

Ան ըսաւ, որ գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց կարիքները հոգալու առումով Լիբանանի կառավարութեան տուած որոշումը յստակ էր եւ կը յուսանք, որ այս հսկայ մարտահրաւէրին կրնանք տոկալ:

Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ ծրագիրին յաջողութեան նպաստած բրիտանական դեսպանատան եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, շեշտելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը պատճառ պիտի չդառնայ, որ Լիբանան գաղթականներուն հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն մէջ թերանայ:

«Սուրիացի գաղթականները մեր եղբայրներն են եւ անոնք պատերազմի վտանգներէն փախուստ տալով է, որ հասած են Լիբանան` փրկելու համար իրենց ընտանիքները: Մենք հիւրասէր ժողովուրդ ենք եւ այդպէս ալ կը շարունակենք մնալ, սրտբաց ընդունելով զանոնք, ըստ մեր աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն: Սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին հետ Լիբանանի կառավարութիւնը առարկայական ձեւով կը վարուի», եզրափակեց վարչապետ Սալամ:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Ռուսիայէն Պահանջած Է «Քորնեթ» Հրթիռներ Եւ «Թի.-72» Հրասայլեր

Յաջորդը

Մուքպել Բարձր Գնահատեց Զօր. Քահուաժիի Իմաստուն Քայլերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.