Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԵԾ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

September 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2011-ի երեկոյեան տօնական տեսք ունէր Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնը: Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական մարմինին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին սկսաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը` ներկայութեամբ գիւղի հոգեւոր հովիւներուն, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, համայնքներու, քաղաքապետութեան եւ միութեանց ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հայորդիներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Փիլաւճեան, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով, շնորհաւորեց համայն հայութիւնը: Ան յայտնեց, որ «գեղեցիկ զուգադիպութեամբ անկախութեան 20-ամեակը կը տօնուի Այնճարի եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ նոյն ատեն, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ` հաւատքով ամո՛ւր եւ վճռական»: Կարօ Փիլաւճեան ողջունեց Այնճարի մէջ ներկայութիւնը Գուսան Հայկազունի «Հայկազունք» համոյթին եւ յատկապէս շնորակալութիւն յայտնեց Գուսանին` անոր կողմէ Այնճարի 70-ամեակին նուիրուած գեղեցիկ երգի յօրինումին համար: Իր խօսքի աւարտին, Փիլաւճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, որ այս առիթով Այնճար ուղարկած է հանրաճանաչ երգիչ Ռուբէն Սահակեանը:

Վերջապէս, ան առանձին-առանձին ներկայացուց ելոյթին մենակատարները, որոնք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ազգային, յեղափոխական եւ արցախեան երգերով:

Գուսան Հայկազուն ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը: Գուսանը յայտնեց, որ ինք փոքր տարիքէն ծանօթ էր Մուսա լերան փառաւոր հերոսամարտին, իր արեան մէջ կար մարտիկներու ոգին եւ երբեք պատահական չէ Այնճարի մասին իր երգ գրելը: Ան նաեւ ողջունեց Մուսա լերան արժանի ժառանգորդ այնճարցիները, շնորհաւորեց Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 20-ամեակը:

Յանուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին Րաֆֆի Գէորգեան հանդէս եկաւ օրուան խորհուրդին անդրադարձող ամփոփ խօսքով մը: Ան յայտնեց, որ 21 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած Հայաստանի անկախութիւնը հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս պայքարող ՀՅ Դաշնակցութեան համար երազի իրականացում մըն էր, որուն համար մեծաթիւ նահատակներ ինկան պայքարի ճամբուն վրայ: Ան շնորհաւորեց համայն հայութիւնը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով` յայտնելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ հայութեան բոլոր անկատար երազներուն իրականացումը:

Կոմիտէի խօսքէն ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան «Հայկազունք» համոյթէն ութ մենակատարներ` Ռուբէն Սահակեան, Էմմա Միքայէլեան, Սուսաննա Գրիգորեան, Արմինէ Խաչատուրեան, Արեգ Միքայէլեան, Սիփան Հայկազուն, Արմէն Մուրատեան, Ալեքսան Խարատեան:

Մենակատարները ներկայացուցին այլազան կատարումներ, ինչպէս` «Հպարտ գացէք», «Շուշի», «Վեր կաց Շահէն», «Պիտի գնանք», «Մուսա լեռ», «Վերականգնիր Կիլիկիա», «Պարիր արցախցի», «Շահումեան», «Արի զօրավար», «Գետաշէն» եւ այլն:

«Գետաշէն» երգի կատարումին միացաւ նաեւ Գուսան Հայկազուն:

Ձեռնարկի աւարտին յանուն ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին Յակոբ Այնթապլեան Մուսա լերան յուշարձանի յուշամետալով պատուեց Գուսան Հայկազունը:

Յայտնենք, որ ելոյթի ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան տեսահոլովակներ` իւրաքանչիւր երգի զուգակցող:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ` «ԾՐԱԳՐՄԱՆ, ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.