
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ շեշտեց, թէ Լիբանան բաւական դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ:
Քաակ յայտնեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ, ինչպէս նաեւ միասնականութիւնը պահպանել` ամրապնդելու համար ազգային միասնականութիւնը եւ պաշտպանելու համար Լիբանանը` անոր ապահովութեան սպառնացող վտանգներէն:
Քաակ հաստատեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները պէտք է փակ պահուին Ֆիթրի տօնին առաջին երկու օրերը:


