
Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի յետմիջօրէին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցին (N.E.S.T.) մէջ կազմակերպուած էր համագումար մը` նուիրուած բողոքական շարժումի 500-ամեակին: Սոյն համագումարին ներկայ էին լիբանանցի եւ գերմանացի աստուածաբաններ եւ պատմաբաններ: «Բողոքականութեան ազդեցութիւնը արեւելեան եկեղեցիներուն վրայ» խորագիրով դասախօսական բաժնին համար Յոյն ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներէ կազմուած ներկայացուցիչներու կողքին նաեւ հրաւիրուած էր Հայ եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որ անգլերէնով ներկայացուց «Բողոքական շարժումին ազդեցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ վրայ» վերնագիրով նիւթը: Դասախօսութեան աւարտին հայր սուրբը պատասխանեց կարգ մը հարցումներու:


