
Երկուշաբթի օր Քաան հարուածած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք շրջանը դարձաւ զինուորական գօտի մը, ուր բանակին կողմէ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ:
Քաայի նահատակ զաւակները` Ժորժ Ֆարես, Ժոզեֆ Լայեուս, Ֆայսալ Աատ, Պուլոս Ահմետ եւ Մաժետ Ուեհպէ յետմիջօրէին սպիտակ դագաղներով փոխադրուեցան իրենց գիւղաքաղաքը, ուր անոնք դիմաւորուեցան հերոսներու նման:
Անոնց կորուստին դիմաց, ահաբեկչութեան զոհերուն հարազատներուն եւ ամբողջ գիւղաքաղաքին ցաւը մեծ էր, սակայն սահմանամերձ այդ շրջանին մէջ գոյատեւելու կամքը իր կարգին ինքզինք կը պարտադրէր:
Քաայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոս նախագահեց յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Քաան ապառաժ մըն է, որուն վրայ ջարդուած են ահաբեկիչները:
Ռահհալ եպիսկոպոս շեշտեց, որ Քաայի հողը սուրբ է, եւ անոր բնակիչները կառչած են այդ սուրբ հողին:
Ան կառավարութենէն պահանջեց Քաան շրջապատող եւ անոր մէջ շրջագայող 20 հազար սուրիացի գաղթականներուն ընթացքը կարգաւորել, ինչպէս նաեւ Մաշարիհ Քաայի շրջանը վերածել զինուորական գօտիի մը, որպէսզի երկուշաբթի օրուան ողբերգութիւնը չկրկնուի:

Յատկանշական էր այն իրականութիւնը, որ թաղման արարողութեան ընթացքին ոչ մէկ փամփուշտ կրակուեցաւ եւ հրավառութիւն չկատարուեցաւ:
Միւս կողմէ, առաւօտեան Քաայի քաղաքապետարանին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Քաայի դէմ յարձակումը ամբողջ Լիբանանի դէմ յարձակում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ նախարարաց խորհուրդէն պահանջել Քաան, Մաշարիհ Քաան եւ Ռաս Պաալպեքը վերածել զինուորական գօտիի, ուր լիբանանեան բանակը կը ստանձնէ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը:
Քաայի քաղաքապետութիւնը ներքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց գործադրել քաղաքապետարաններու ոստիկաններուն կարողութիւնները ամրապնդելու որոշումը:
Նշենք, որ Պեքաայի նահանգապետ Պաշիր Խտըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Քաան եւ անոր բնակիչները փաստած են իրենց քաջութիւնը` Լիբանանը փրկելով մեծ փորձանքէ մը:
Ան շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու շրջագայութիւնը արգիլելու որոշումը Քաայի բնակչութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն անվտանգութեան նպատակով տրուած է: Ան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն ընդհանրացնել եւ բոլոր գաղթականները ահաբեկիչներ նկատել, «սակայն գաղթականներն ալ պէտք է լաւ ըմբռնեն, թէ լիբանանցիին անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր է», ըսաւ Խտըր:


