
ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մասնակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Սիմոնեանի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, աշխատանքային նիստ մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, ներկայութեամբ` Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժըսրի եւ խորհուրդի կարգ մը մասնագէտներու:
Հանդիպումին օրակարգն էր Պուրճ Համուտի վնասազերծուած աղբերու եւ թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներու նիւթը:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը անցնող օրերուն տեսակաւորման կեդրոններն ու աղբերու կուտակման վայրերու այցելութեան եւ տեղեկահաւաքի հիման վրայ, վարչապետ Սալամի ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը նկատողութիւններ եւ մտահոգութիւններ, որոնց փարատումը անմիջական անհրաժեշտութիւն նկատեց:
Պատուիրակութիւնը պահանջեց կառավարութեան հետ մարտ ամսուն գոյացած համաձայնութեան կիրարկումը` առանց յապաղումի եւ համապատասխան ժամանակացոյցով:
Վարչապետ Սալամ անգամ մը եւս հաստատեց, որ իրենց կատարած խոստումները պիտի յարգուին, եւ արդէն իսկ ճշդուած է նուազուրդի աշխատանքը կատարող ընկերութիւնը, որ անյապաղ պիտի սկսի թափօններու թաղման վայրի շինութեան:
Վարչապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ այս գործին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հսկողութեան իրաւունքը ունի, եւ ինք պարտաւոր է յարգել զայն:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը յստակօրէն շեշտեց, որ որեւէ խախտում կառավարութեան կողմէ ազատ կը կացուցանէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր սկզբունքային համաձայնութենէն:
Հանդիպում Նախարար Քազզիի Հետ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունի այցելեց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:
Յ. Բագրատունի Քազզիին ներկայացուց Քոսթապրաւայի կողքին Պուրճ Համուտի վնասազերծուած աղբերու եւ թափօններու թաղման վայրին դրութիւնը:
Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի հեղինակութիւնները վարչապետին եւ համապատասխան նախարարներուն հետ մօտէն կը հետեւին այս հարցին եւ կը հսկեն անոր գործադրութեան:


