
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմադրելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան:
Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի տկար կէտերէն մէկը այն է, որ ան իրար անցած վիճակ մը ունի եւ կը դիմագրաւէ քաղաքական տագնապ մը:
«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն դիմաց, մենք երկուքուկէս տարիէ ի վեր, այսինքն` նախագահական աթոռին թափուր մնալէն ի վեր անձնասպանութիւն կը գործենք», ըսաւ ան:
Պըրրի զգուշացուց նոյն տագնապին մէջ մնալու հետեւանքներէն` հաստատելով, որ թափուր մնացած նախագահական աթոռը պիտի առաջնորդէ դէպի անիշխանութիւն, որուն պիտի յաջորդէ անորոշութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք տեղեկութիւններ ստացած էին, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը առկայ է:
Պըրրի նշեց, որ այդ տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան բանակը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, ինչպէս նաեւ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ սպանութեան թիրախ պիտի դառնային:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Քաան ահաբեկչութեան թիրախ դարձնող պայթումներն ու անձնասպանական գործողութիւնները ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն:


