Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈԽԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ (Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20-ամեակի առիթով)

September 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր հայ մարդ հպարտութեան անխառն զգացումներով է, որ այսօր կը տօնախմբէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20-ամեակը: Ոչ ոք կրնայ դոյզն չափով իսկ կասկածի տակ առնել սփիւռքահայ թէ հայրենաբնակ հայ մարդու նուիրումն ու սէրը` հայրենիքին ու անոր անկախութեան գաղափարին նկատմամբ: Խորհրդային ամբողջատիրութեան ծանր տարիներուն սփիւռքահայութիւնը հաւատարմօրէն փայփայեց եւ սերունդներուն մէջ վառ պահեց անկախութեան գաղափարը եւ սրբութեան նման պահպանեց անոր նուիրական խորհրդանիշները: Նոյն ոգին համատարած կերպով վերապրեցաւ նաեւ հայրենիքին մէջ, ուր մեր աննման ժողովուրդը իր ցուցաբերած աննկուն կամքին շնորհիւ կարողացաւ 1991-ին վերականգնել Հայաստանի անկախութիւնը:

Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20-ամեակը համաժողովրդային նուաճումներու տօնախմբութեան եզակի առիթ է: Ո՛չ մէկ խօսք այդ մասին: Բազմաթիւ նուաճումներ ու յաջողութիւններ այսօր կը զարդարեն 20-ամեայ մեր անկախ պետականութեան ուղին, որոնց առինքնող բարձրակէտը կարելի է համարել Արցախի ազատագրումը` Արցախի անկախ հանրապետութեան ստեղծումը:

Այդ նուաճումներուն կողքին, սակայն, երբ մեր ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ եւ տագնապներ, անարդարանալի պիտի ըլլայ ջայլամի նման գլուխնիս խրել հողին մէջ ու չտեսնել մեր անկախ հայրենիքին եւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը հարուածող ու ապագայի շնչառութիւնը խցանող երեւոյթները: Ինչպէ՞ս կարելի է չխօսիլ անոնց մասին կամ գնահատականներ չտալ այդ իրավիճակին համար պատասխանատու քաղաքական գործիչներուն մասին, որոնք երկիրը կ՛առաջնորդեն ՍԽԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ` վտանգելով նոյնինքն երկրի անկախութեան հիմքերը:

Ի վերջոյ, 20-ամեակի նշումը ինքնանպատակ չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ:

Նման հանդիսութիւնները յաւուր պատշաճի հնչած խօսքերու նեղ շրջագիծէն դուրս գալով` հարկ է, որ վերածուին նաեւ ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչման առիթի ու մեզ մղեն հաշուետուութեան կարգով անդրադառնալու մեր անցած 20-ամեայ ուղիին:

Եթէ 20-ամեակի նշումը եւ տօնակատարութիւնները դարձակէտ պիտի չհանդիսանան ու չփոխեն մեր կեանքը, ապա մեր ապրած ժամանակաւոր հպարտութիւնը եւ զգացական զեղումները լաւագոյն պարագային իբրեւ ծխածածկոյթ կը մթագնեն մեր առողջ տեսողութիւնը, իսկ պատմութիւնն ու անոր անողոք վճիռը չեն խնայեր ոչ միայն ներկայ իրավիճակի պատասխանատուները, այլեւ մեզ` բոլորս:

Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւնները դառնան իսկակա՛ն դարձակէտ ու փոխե՛ն մեր կեանքը:

Այլապէս, եթէ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւններէն ետք Հայաստանէն պիտի չվերանան փտածութիւնը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները, եթէ դատական համակարգը պիտի չկարենայ նուաճել գործադիր իշխանութիւններէն իր անկախութիւնը, եթէ կարելի պիտի չըլլայ  հայ մարդուն մէջ վերականգնել հայրենի պետականութեան ու երկրի ապագային նկատմամբ հաւատքը եւ վերափոխել երկրի տնտեսական համակարգը` վերջ տալով մենաշնորհներու վրայ հաստատուած տնտեսական բռնութեան, եթէ կարելի պիտի չըլլայ երկրին մէջ վերահաստատել ընկերային արդարութիւնը, վերացնել աղքատութիւնը, կասեցնել արտագաղթը, ապա, ափսո՛ս, անգամ մը եւս կը կորսնցնենք պատմական պահը ու 20-ամեակը չի դառնար դարձակէտ եւ մեր կեանքը փոխելու մեկնակէտ:

Եթէ Հայաստանի ու Արցախի մեր զոյգ հանրապետութեանց անկախութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւններէն ետք կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել ԼՂՀ-ի սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած տարածքներուն վրայ Արցախի հողային ամբողջականութեան ամրագրումը ու վերջ տալ տարածքներ զիջելու պարտուողական տրամադրութիւններուն եւ, վերջապէս, եթէ արդէն իսկ ուշացած քայլով մը Հայաստանի նախագահը ետ պիտի չվերցնէ Հայաստանի ստորագրութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն տակէն, ապա 20-ամեակի առիթով ամէն տօնախմբութիւն կը դառնայ իսկապէս ինքնանպատակ ու կը սպառի լոկ յաւուր պատշաճի արտասանուած խօսքերու մշուշին մէջ:

Ի վերջոյ հարց կու տանք` ե՞րբ պիտի դադրին Հայաստանի նախագահը, նախագահութիւնը, պետականութիւնն ու հանրապետութիւնը սեփականաշնորհելու փորձերը: Ե՞րբ պիտի կարենանք համազգային խորք ու բովանդակութիւն հաղորդել 20-ամեայ մեր անկախ պետականութեան: Եթէ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, ապա պէտք է յիշել նաեւ, որ Հայաստանը բովանդակ հայութեան հայրենիքն է, հետեւաբար ամէն հայ մարդ, անկախ իր բնակութեան վայրէն, համահաւասար իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը ունի պատասխանատու խօսք ըսելու հայրենիքին ու անոր ճակատագիրին մասին:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ( 21 Սեպտեմբեր 1991)

Յաջորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.