
Երէկ` երկուշաբթի, 27 յունիսին, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւարտեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Արժանթինի եւ Չիլիի միջեւ:
Ա. կիսախաղին երկու խումբերն ալ կորսնցուցին մէկական մարզիկ: Չիլիէն կարմիր քարտ ստացաւ Մարսելօ Տիազ (28-րդ), իսկ Արժանթինէն` Մարքոս Ռոխօ (43-րդ):
Երկու կազմերն ալ փորձեցին կոլ նշանակել, բայց նոյնիսկ երկարաձգումին անոնք չյաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:
Մրցումին յաղթականը վճռելու համար դիմուեցաւ փենալթիներու:
Լիոնել Մեսսի եւ Լուքաս Պիկլիա, չկարենալով կոլ նշանակել, պատճառ դարձան, որ Չիլի 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ եւ նոր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրանայ տիտղոսին (առաջինը` նախորդ մրցաշարքին):
Օրուան իրաւարարն էր Հեպեր Լոփես (Պրազիլ), իսկ մրցումին ներկայ էր 82 հազար հանդիսատես:


