Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

June 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Toros_siranossian_62616«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ փառատօներու նշանաւոր կազմակերպիչ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի արուեստագէտները արաբական աշխարհ եւ միջազգային բեմեր հասցուցած Թորոս Սիրանոսեանը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին:

Հաղորդավար Հալա Հատտատի ներկայացուցած «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Սիրանոսեան անդրադարձաւ լիբանանցի արուեստագէտները դէպի միջազգային կարեւորագոյն բեմերը առաջնորդելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ միջազգային նշանաւոր արուեստագէտներ հրաւիրելու իր դերակատարութեան:

Թորոս Սիրանոսեան ակնարկեց 1987-ին հիմնուած «Լիբանանեան արուեստի տուն» կեդրոնին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ լիբանանցի արուեստագէտները ծանօթացնել աշխարհին: «Այս կեդրոնին շնորհիւ Լիբանանէն դուրս կայացած փառատօներուն ընթացքին լիբանանցիներուն համեմատութիւնը հասաւ 70 առ հարիւրի, մինչդեռ այդ կեդրոնին հիմնադրութենէն առաջ միջազգային փառատօներուն ներկայ լիբանանցիներուն համեմատութիւնը կը հասնէր 30 առ հարիւրի», ըսաւ ան:

Սիրանոսեան անդրադարձաւ լիբանանեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած ցաւալի իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ անիկա վատ ազդեցութիւն ունեցած է իր աշխատանքին վրայ եւ պատճառ դարձած, որ ինք նիւթական վնասներ կրէ:

Սիրանոսեան յայտնեց, որ ինք իր մօրմէն ժառանգած կտակէն որոշ մաս մը վաճառած է` արուեստը քաջալերելու նպատակով:

Թորոս Սիրանոսեան պատմեց նաեւ տարբեր փառատօներու ընթացքին քուլիսներու ետին պատահած հետաքրքրական եւ զաւեշտական դէպքերուն մասին` նշելով, որ ինք ոչ մէկ արուեստագիտուհիի նկատմամբ սիրահարութիւն ապրած է: «Եթէ կար անձ մը, որուն կրնայի սիրահարիլ, ապա ան արուեստագիտուհի Միրէյ Մեթիւն էր, որովհետեւ մտերիմ բարեկամներ էինք եւ երկար ատեն միասին աշխատեցանք», շեշտեց Սիրանոսեան:

Ան յուզուեցաւ, երբ ակնարկեց իր հայկական ինքնութեան` շեշտելով, որ «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ կատարուած այս պարգեւատրումը ամէնէն աւելի իր սրտին կը խօսի:

Սիրանոսեան իր կեանքը ամփոփեց մէկ նախադասութեան մէջ. «Քարանթինայի թիթեղածածկ տան մը մէջ ապրող երեխայ մը, որ հասաւ աշխարհի կարեւորագոյն բեմերը»:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Պապին Սկզբունքային Դիրքորոշումը Եւ Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը Ճամբայ Կը Հարթեն Նորանոր Ճանաչումներու»

Յաջորդը

Անդրադարձ. Շեղո՞ւմ, Թէ՞ Ազդանշան

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.