
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան հարցով գլխաւոր տնօրէն Պասաթ Էօզթիւրք Անգարայի մէջ յայտարարած է. «Թուրքիան կ՛ուզէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շուտափոյթ կերպով լուծուի` Ազրպէյճանի պահանջներուն համապատասխան»:
«Այս հարցին մէջ Թուրքիոյ մօտեցումը անփոփոխ է` մենք միշտ Ազրպէյճանի կողքին ենք: Ատիկա բացարձակ եւ իրական աջակցութիւն է», ըսած է ան:


