
«Հայերու ոչնչացման վերաբերեալ ես այլ բառ չէի գիտեր, բացի ցեղասպանութենէն», այս մասին յայտարարած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստան կատարած ուղեւորութենէն ետք` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
«Արժանթինի մէջ, երբ կը խօսէին հայերու ոչնչացման մասին, միշտ կ՛օգտագործէին Ցեղասպանութիւն բառը, եւ Պուենոս Այրէսի Մայր տաճարին մէջ մենք խաչքար տեղադրած ենք ի յիշատակ հայերու Ցեղասպանութեան: Ես չէի գիտեր այդ երեւոյթը նկարագրող այլ բառ: Երբ ես եկայ Հռոմ, լսեցի այլ բառակապակցութիւն` «Մեծ չարիք» կամ «Մեծ ողբերգութիւն», եւ ինծի կ՛ըսէին, որ «Ցեղասպանութիւն» բառը վիրաւորական է: Բայց ես միշտ ալ խօսած եմ երեք ցեղասպանութիւններու մասին, որոնք եղած են անցեալ դարուն` Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա` Հիթլերի իրագործած ցեղասպանութիւնը եւ Ստալինի իրագործած ցեղասպանութիւնը», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ըսած է Հռոմի պապը:
26 յունիսին սրբազան քահանայապետը աւարտած է եռօրեայ այցելութիւնը Հայաստան: Աւանդութեան համաձայն, Հռոմ վերադառնալու ճամբուն վրայ Ֆրանչիսկոս պապը օդանաւին մէջ պատասխանած է իրեն ուղեկցող լրագրողներու հարցումներուն: Պապին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցում ուղղած են այն առնչութեամբ, որ 24 յունիսին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ղեկավարը, շրջանցելով ծրագրուած ելոյթը, երկրորդ անգամ արտասանեց Ցեղասպանութիւն եզրը:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ ցեղասպանութիւն մը եւս եղած է Ափրիկէի մէջ, բայց 20-րդ դարուն տեղի ունեցած «երկու մեծ պատերազմներու ուղեծիրին մէջ» երեք ցեղասպանութիւն եղած է:
«Անցեալ տարի, երբ ես կը պատրաստուէի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին, տեսայ, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս երկրորդը օգտագործած է այդ բառը, եւ ես զայն կրկնեցի: Ատիկա լաւ չընդունուեցաւ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարութիւն ըրաւ` իր դեսպանը ետ կանչելով Անգարա, որ վերադարձաւ քանի մը ամիս ետք», նշած է սրբազան քահանայապետը:
«Իմ ելոյթիս մէջ այդ բառը չկար, բայց այն բանէն ետք, երբ ես լսեցի Հայաստանի նախագահին ելոյթի կշռոյթը, իմ կողմէս շատ տարօրինակ պիտի հնչէր, եթէ ես չ՛ըսէի նոյնը», աւելցուցած է Ֆրանչիսկոս պապը:


