Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Բոլորս Ալ Խրամատի Մէջ Ենք

June 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

HagopLadoyan_2016Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս տարեվերջին դպրոցական հանդէսները դրական որոշ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն գաղութին մէջ:

Աւարտողներ, առաջին անգամ բեմ բարձրացողներ, ուղերձներ եւ այլն:

Սակայն տարուէ տարի, երբ մեր մանկապարտէզի շրջանաւարտներու թիւերը ստուգենք, կը զգանք, որ թիւի լուրջ անկում մը կ՛արձանագրուի:

Փաստօրէն օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու մեծ թիւ մը ունինք: Այլեւս այս մասին խօսող ալ չկայ, այպանող ալ չկայ:

Ամէն բան բնական կը թուի: Վերջին շաբաթներուն տեղական ութ դպրոցներու մէջ հայ աշակերտութեան թիւը ստուգեցի. 1260 աշակերտ: Մեր ազգային բոլոր վարժարաններուն աշակերտութեան թիւը 1800-ի չի հասնիր:

Ինչո՞ւ չենք տագնապիր: Ինչո՞ւ լուռ ականատես ենք: Ինչո՞ւ անզօր կը զգանք այս տագնապին առջեւ:

Փաստօրէն պէտք է ըսել, որ հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման ծրագիրները մնայուն, հետեւողական եւ արդիւնաբեր չեն եղած:

Փաստօրէն պէտք է նկատել, որ գաղութի մէջ առաջնահերթութիւններու հարց մը կայ:

Սխալները արժեւորելու եւ ատոնք սրբագրելու բարդոյթ մը կ՛ապրինք:

Ազատութեան խորագրին տակ քննադատութիւն ընդունելու սրտբաց եւ թափանցիկ աշխատելու սկզբունք խախտած է:

Ինչո՞ւ հեռացած են հայկական վարժարաններէ: Ինչո՞ւ չենք հետապնդեր բոլորս միասին: Ինչո՞ւ ախտաճանաչումներ չենք ըներ, նոյնիսկ եթէ ատոնք ի նպաստ մեզի չեն:

Քահանայ, ուսուցիչ, տնօրէն, կրթական պատասխանատուներ:

Չի բաւեր ըսել միայն, որ մեր դպրոցները աւելի լաւ են:

Չի բաւեր ջայլամի քաղաքականութիւն որդեգրել:

Գործնական շփում եւ կապ պէտք է ստեղծել բոլորին հետ: Օտար վարժարան նախընտրող ծնողներուն պէտք է զգաստութեան հրաւիրել:

Մեր դպրոցներու քարոզչութիւնը մենք պէտք է ընենք: Դժբախտաբար մենք մեր հակաքարոզչութիւնը կ՛ընենք:

Գիտնանք ի՞նչ է առաջնահերթութիւնը գաղութի մը ապագան ապահովելու համար: Նոր աւարտող սերունդները: Շա՛տ լաւ:

Ուրեմն այս սկզբունքով պէտք է ծրագրենք եւ աշխատինք:

Այս մտահոգութեամբ տէր կանգնինք մեր աշակերտներուն:

Դպրոցն է կարեւորը: Սակայն այդ կարեւորութիւնը չենք զգար:

Ընդհակառա՛կը, անտէր, անտիրական, առանց երկար շունչով ծրագրումի բոլորը միասին անդունդի ծայրը կեցած են:

Ամէն բան «Ասանկ ալ կ՛ըլլայ» ըսելով չըլլար: Յետոյ բոլորիս համար ուշ կ՛ըլլայ:

Հասկցողին շատ բարեւ:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ազրպէյճանը Մերժեց Քազանի Փաստաթուղթը

Յաջորդը

Հայոց Հաւաքական Յիշողութիւնը` Տեղացի Լիբանանցի Խմբագիրներու Պրիսմակէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.