
Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական 41-րդ նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Խորհրդարանի նախագահին որոշումով նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 13 յուլիս 2016-ին:
Խորհրդարան ուղղուած 24 երեսփոխաններէն էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան պաշտօնապէս ոչ ժողովրդավարական երկիր դարձած է:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ իր կարգին հաստատեց, որ պատահածը Լիբանանի հաշուոյն գործուած ոճիր է:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց բոլորին վերադառնալու պետական հաստատութիւններ եւ ներկայ գտնուելու նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին:
Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ Հըզպալլա ճիգ չի խնայեր սահմանադրական հաստատութիւնները քանդելու իմաստով:
Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցած իր կարճ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը ունի հիմնական երկու լուծում, որոնցմէ մէկը նախագահական ընտրութիւնն է եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը, իսկ միւսը` ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումն է եւ ապա նախագահական ընտրութիւնը:
Ատուան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի անձին շուրջ, «իսկ այդ համաձայնութիւնը պէտք է սկսի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ», շեշտեց ան:
Ատուան կոչ ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ զօր. Աունին երկխօսութիւն կատարելու եւ կամ մտածելու Պըրրիի նախաձեռնութեան մասին:
Ատուան ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:


