
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի ձախ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, տեղափոխուեցաւ իրանեան Փէյքան ֆութպոլի ակումբ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
27 տարեկան Հայրապետեան, որ այսպիսով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իրանի մէջ, նախնական մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:
Նախորդ տարեշրջանի աւարտին, Փէյքան հանդիսանալով Իրանի Ա. դասակարգի ախոյեան, իրաւունք ստացաւ ելոյթ ունենալու բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ վերջերս Փիւնիկէն հեռացան նաեւ յետսապահներ Վարազդատ Հարոյեան եւ Տարօն Ոսկանեան:


