
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականները այս շաբաթավերջին իրարու հետ պիտի կատարեն բարեկամական չորս մրցումներ` Միքա մարզահամալիրին մէջ:
ArmSport.am մարզական կայքը կը յայտնէ, որ արդէն իսկ Երեւան հասած են Իրանի զոյգ հաւաքականները:
Հայաստանի հաւաքականներուն համար այդ չորս հանդիպումները պիտի ըլլան լաւագոյն պատրաստութիւնը` Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն համար:


