Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Կը Հերքէ Փուլային Դրութեամբ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մասին Լուրերը

June 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

edward_nalbandyuan_62216

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` արձագանգելով Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալին` փեթերսպուրկեան հանդիպման վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն, ըսած է, որ Նովրուզ Մամետովը երբեք չէ մասնակցած որեւէ բանակցութեան, իսկ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովը բացառութիւն չէր:

Նշենք, որ, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Մամետով «Էյ. Էն. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը փուլային եղանակով լուծելու առնչութեամբ: «Այսինքն, նախ հայկական կողմը կը յանձնէ հինգ շրջանները, ապա` երկու շրջան եւս, եւ միջանցք կը բացուի, այնուհետեւ, կ՛որոշուի Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Կողմերը նման համաձայնութեան հասած են», յայտնած է ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Նախարար Նալբանդեանի համաձայն, Մամետովը ներկայ եղած է միայն աշխատանքային ճաշին, որուն ընթացքին քննարկուած է բացառապէս միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի թիւին յաւելման հարցը:

«Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան տագնապի փաթեթային լուծման, ապա նախ եւ առաջ անիկա հիմնուած պիտի ըլլայ, ինչպէս բազմիցս յայտարարուած է, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի եւ անոր գործադրութեան ճանաչման վրայ: Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովի հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերող որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած», վստահեցուցած է Նալբանդեան:

Ան շեշտած է, որ այս փուլին Ազրպէյճան պէտք է անվերապահօրէն կատարէ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած եւ վերահաստատուած պայմանաւորուածութիւնները` նախ եւ առաջ բացառապէս խաղաղ ուղիով տագնապի լուծում, 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու յարգում, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծում, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնում:

«Այս բոլորը թոյլ պիտի տան համապատասխան պայմաններ ստեղծել` տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններու վերսկսման համար», յայտարարած է նախարար Նալբանդեան:

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգները Յորդորած Է 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Արցախին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանը Դրական Կը Գնահատէ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցած Հանդիպումը» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.