ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կան կարգ մը անձեր, որոնք աշխատանքի մէջ չեն կրնար համաձայնիլ. սրամտութեան դիմեցէք, որպէսզի կարենաք կացութիւնը բնականոն դարձնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դուք ուրիշին յատկացնելիք դրամ չունիք, բայց ժամանակ ունիք, ինչ որ բաւարար է: Կարելի չէ բոլորին ուզածը նոյն ատեն կատարել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առկախ մնացած հարցի մը շուրջ լաւ լուր մը պիտի ստանաս, մասնաւորաբար դրամական հարցի մը պատճառով: Ձեր կարծիքը պիտի ընդունին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեզի օգնեցէք պատրաստելու համար բանակցութիւն մը: Պէտք է նախատեսել իւրաքանչիւր կացութիւնը եւ գտնել յարմար պատասխանը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մօտալուտ ամառը ձեզ պիտի ներշնչէ, պիտի տայ բարձր տրամադրութիւն` երթալու ծով կամ գիւղ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամառը կը սկսի լաւ տրամադրութեամբ: Պիտի վերագտնէք ձեր մօտիկ բարեկամները լաւ հանգիստի մը համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երիտասարդ ծնողները հիներէն շատ բաներ ունին սորվելիք, սակայն դիտողութիւններ պիտի չընդունին, եթէ անոնք գէշ կերպով արտայայտուին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբեմն բառեր կարելի չէ գտնել ձեր յուզումները դրսեւորելու համար: Այս պարագային արուեստի գործերը շատ դրական եւ ազդու պիտի ըլլան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ոչինչ փոխեցէք: Ձեր անհատականութիւնը պիտի գնահատուի: Գոհունակութիւնը պիտի ունենաք կարեւոր գործեր կատարելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մօտալուտ ամառը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր մարմնին եւ տրամադրութեան վրայ: Այս ուղղութեամբ պիտի ստանաք գովեստներ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամառը ձեր առողջութեան վրայ բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենայ. ասիկա կլիմայի հարց չէ, բայց առողջութիւն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի հաստատէք նոր բարեկամութիւն, թէեւ անիկա կարճ ժամանակուան մէջ պիտի ըլլայ, բայց երկար ժամանակ պիտի տոկայ:
