
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու տարեկան մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր անոր զաւկին` Ռոք Հաքիմի կողմէ եւ կը վայելէր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հսկողութիւնը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 մարզիկներ, բաժնուած քանի մը դասակարգերու` հետեւեալ ձեւով. 30-40 տարեկան, 40-50 տարեկան եւ 50 տարեկանէն վեր:

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տղոց դասաւորման առաջին ութ դիրքերը գրաւողները:
50 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ, Խաչիկ Կէօքէօզեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին ապահովեց առաջնութիւնը եւ տիտղոսը, երբ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին:
Մնացեալ դասակարգերուն մէջ առաջին դիրքերը գրաւեցին Ռաշիտ Պըպպօ (առաջին ութ մարզիկներուն մէջ) Ուսամա Հոմսի (30-39 տարեկան) եւ Մոհամետ Հապաշ (40-49 տարեկան):
Մրցաշարքին աւարտին` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, հանգուցեալ Ատել Հաքիմի կնոջ` Սամիրա Հաքիմին, անոր ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ այլ անձերու, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


