Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիֆի. «Իմ Կարծիքովս` Վերտանի Պայթումին Պատասխանատուն Հըզպալլան Է»

June 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rifi_61616

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իր կարծիքով` Վերտանի պայթումին պատասխանատուն Հըզպալլան է. ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ է այդ ոճիրէն օգտուողը եւ ո՞վ կարողութիւն ունի այդ պայթումը գործելու:

Ռիֆի շեշտեց, որ այդ պայթումին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջեւ մեծ նմանութիւններ կան: Ան աւելցուց, որ 7 մայիսի հետեւանքները Հըզպալլա աւելի ուշ կրած է, իսկ Վերտանի պայթումին հետեւանքները եւս մօտիկ ապագային պիտի կրէ ան:

Ռիֆի նկատել տուաւ, որ Ռիատ Սալամէ կը հսկէ երկրին տնտեսական կայունութեան եւ կը գործադրէ ամերիկեան օրէնքները:

Ռիֆի նաեւ ընդգծեց, որ դրամատնային մարզը կարմիր գիծ է, եւ Հըզպալլա պէտք է համոզուի այդ իրականութեամբ: «Շիի համայնքին եւ Հըզպալլայի միջեւ տարբերութիւն կայ: Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, վնասուած ենք Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ կռիւին մասնակցութենէն, իսկ պահանջուածը լիբանանեան պետութեան վերադառնալն է», շեշտեց ան:

Ռիֆի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ պայթումներու մտահոգութիւն չկայ` աւելցնելով սակայն, որ մանր-մունր դէպքերու արձանագրութիւնը շատ հաւանական է:

Ան նշեց, որ ինք` իբրեւ հրաժարեալ նախարար, կառավարութեան նիստերուն պիտի չմասնակցի` աւելցնելով, որ եթէ նախարարաց խորհուրդը ազգային կշիռով արտակարգ նիստ մը գումարէ, ապա հաւանաբար այդ նիստին ինք իր մասնակցութիւնը բերէ:

Ռիֆի դրուատեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարելու քայլը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆելթման Գաղտնօրէն Այցելած Է Պէյրութ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Լիբանանեան

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.