Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. «Ժաննէի Ջրամբարին Աշխատանքներուն Դէմ Ամբաստանութիւնները Պիտի Աւարտին Դատավարութեամբ» Շեշտեց Իպրահիմ Քանաան

June 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kanaan_61416f

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարին աշխատանքներուն դէմ ամբաստանութիւնները պիտի չաւարտին,  առանց այդ ամբաստանութիւններուն հեղինակները դատավարութեան ենթարկելու:

Ան նշեց, որ Ժաննէի ջրամբարը կը բաղկանայ 8 ջրամբարներէ, որոնց ծախսերը 28 միլիոն տոլարը չեն անցնիր, մինչդեռ Պըսրիի ջրամբարին ծախսը կը հասնի 155 միլիոն տոլարի:

«Իսկ եթէ կենսոլորտային առումով անոր հետեւանքներուն մասին պիտի խօսինք, ապա պէտք է ըսել, որ այդ ջրամբարը կառուցելու համար 50 հազար ծառ արմատախիլ պիտի ըլլան, սակայն աւելի ուշ կտրուած ծառերուն թիւին եռապատիկը պիտի տնկուի, մինչդեռ Պըսրիի ջրամբարին համար 200 հազար ծառ արմատախիլ պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Քանաան ըսաւ, որ ըստ ֆրանսացի փորձագէտներու, երկրաշարժի ոչ մէկ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի:

Անդրադառնալով Պետական անվտանգութեան կառոյցի թղթածրարին` Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան յարգելու այդ կառոյցը, անոր կարգերն ու աստիճանաւորումները, հանգստեան կոչուելու, ինչպէս նաեւ նշանակումներ կատարելու օրէնքները:

Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն այդ օրէնքներուն առումով արձանագրուելիք որեւէ խախտում:

Ընտրական օրէնքին մասին Քանաան ըսաւ, որ Թաէֆի համաձայնութենէն 26 տարի ետք եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն նուազ քան տարի մը առաջ արդի ընտրական օրէնքի մը չգոյութիւնը կը փաստէ, թէ ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու կամք չկայ, այլ` կան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը դարձեալ երկարաձգելու միտումներ:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պէտք Է Շարունակուի Հակառակ Առկայ Դժուարութեանց» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց Նախարար Ֆարաոնի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.