Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016 Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 13 յունիսին կատարուեցան երեք մրցումներ:

Դ. խմբակին մաս կազմող տիտղոսակիր Սպանիա արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան:
Մրցումին միակ կոլը գլուխով նշանակեց Ժերար Փիքէ` մրցումին աւարտէն երեք վայրկեան առաջ պարտութեան մատնելով Չեխիոյ բերդապահ Փիթըր Չեխը:
Նշենք սակայն, որ այդ կոլին սքանչելի փոխանցումը կատարեց Անտրես Ինիեսթա:
Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 29 հազար հանդիսատես, մինչ մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Սզիմոն Մարսինիաք (Լեհաստան):
Ե. խմբակին մէջ երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ:

Առաջին` Իրլանտա-Շուէտ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Ուեսլի Հուլահան (48-րդ)` ի նպաստ Իրլանտայի:
Սակայն Սիարան Քլարք 71-րդ վայրկեանին սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը` պատճառ դառնալով, որ Շուէտ հաւասարեցնէ արդիւնքը:
Մրցումին ներկայ էր 75 հազար հանդիսատես, մինչ օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր Միլորատ Մազիչ (Սերպիա):

Իտալիա, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը Պելճիքայի դէմ, 2-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը:
53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Էմանուէլ Ճիաքերինի նշանակեց առաջին կոլը (32-րդ), մինչ երկրորդ կոլը նշանակեց Կրացիանօ Փելլէ` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (Ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
| ԺԱՄ | |
| Աւստրիա-Հունգարիա (Զ. խմբակ) | 19:00 |
| Փորթուգալ-Իսլանտա (Զ. խմբակ) | 22:00 |


