
Կազմակերպութեամբ «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ին կիրակի, 12 յունիսին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 5-րդ ռելին` հովանաւորութեամբ «Օ.Էմ.Թի.»-ի:
Այս ռելիին (248,43 քմ) իրենց մասնակցութիւնը բերող 27 ինքնաշարժներէն 21-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանումի գիծ:
Թամեր Ղանտուր տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին, երբ իր օգնականին` Սալիմ Ժալիլաթիի հետ արձանագրեց 53’53”3 արդիւնք մը: Ան կը վարէր «Միթսուպիշի լենսըր Էվօ-10 ԱՐ-4» տիպի ինքնաշարժ մը:
2-րդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար («Ֆորտ Ֆիեսթա Ար. 5»), որ իր օգնականին` Ժորժ Նատերի հետ, արձանագրեց 54’21”5 արդիւնք մը:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի («Էվօ – 10»), որ արձանագրեց 54’41”6 արդիւնք մը իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ:
Նշենք, որ այս ռելիին մասնակցած միակ հայը` Վիգէն Գանլըճեան, որ Ժոզեֆ Հընտիին (Էվօ-10) օգնականն էր, անոր հետ հանդիսացաւ 6-րդ (55’49”7):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն, երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտի եւ Զիատ Ասուատի, ինչպէս նաեւ այլ անձերու:


