Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան Նուիրուած Սեմինար

June 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0717-copy

Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը յատուկ իրավիճակ ստեղծած է շրջանի բնակիչներուն համար, որոնք ականատես կ՛ըլլան բռնութեան, վայրագութեան, գաղթի եւ տեղափոխութեան: Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նոր պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն եկեղեցիները, որոնց պարտաւորութիւնն է հասնիլ իրենց հաւատացեալներու ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Այս պատճառով, 6-10 յունիսին Ատմայի Սայտեթ Ժապալ վանքին մէջ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն (ԵՀԽ) ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը համագործակցաբար կազմակերպեցին սեմինար մը` «Ծառայութեան աստուածաբանութիւնը 21-րդ դարուն եւ մարդուժի պատրաստութիւն»:

Այս սեմինարը, որուն կը մասնակցէին Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ եկեղեցիներուն հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւն մատուցող քրիստոնէական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, արդիւնքն էր 24-26 փետրուար 2016-ին ԵՀԽ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան մաս կը կազմէ երեք փուլերէ բաղկացած այս ծրագիրի կազմակերպչական յանձնախումբին:

Սեմինարի ընթացքին տեղի ունեցան Ս. Գրոց սերտողութիւններ, դասախօսութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ, որոնք կը միտէին ցոյց տալ եկեղեցիներու կարեւոր դերակատարութիւնը ընկերային ծառայութեան մէջ, ընկերային ծառայութեան աստուածաշնչական ու աստուածաբանական հիմքը եւ վերջապէս Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ներկայ կարիքները: Սեմինարին ընթացքին որոշուեցաւ նոյեմբեր 2016-ին Լիբանանի մէջ կազմակերպել համագումար մը, եկեղեցիներուն կողմէ մշակուած ընկերային ծառայութեան ծրագիրներուն մէջ աշխատողներու վերաորակաւորման նպատակով: Ճշդուեցան յառաջիկայ համագումարին օրակարգն ու սկզբունքները եւ պարտականութիւն տրուեցաւ յանձնախումբին լծուելու կազմակերպչական աշխատանքներուն:

Նախորդը

Մտորումներ Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ե.)- Եզրակացութիւն

Յաջորդը

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.