Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arek-(1)_61116

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 11 յունիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Այս առիթով խօսք առաւ բեմադրիչ, Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ռոպերթ Առաքելեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց թատերական դպրոցին գործունէութիւնը, տարուած աշխատանքն ու առաջադրանքները` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ գործնական բաժինը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ «Արեգ»-ը միայն դերասանական դպրոց չէ, այլ նաեւ թատերական, ուր աշակերտները ընդհանրապէս կը ծանօթանան թատրոնին,  փորձառութիւն ձեռք կը բերեն, համարձակ կը դառնան:

Ռ. Առաքելեան շեշտեց, որ այս դպրոցին մէջ աշխատանք կը տարուի զարգացնելու աշակերտներուն ձիրքերը, զանոնք ամրապնդելու եւ կատարելագործելու: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան` իր մնայուն նեցուկին համար:

Ապա աւարտող աշակերտները հանդէս եկան կատակերգական կարճ ներկայացումներով, որոնց հիմնական նիւթն էր` բժիշկը եւ անկարգ դասարանը:

Աւարտին թատերական դպրոցին աշխատանքը բարձրօրէն գնահատեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ նաեւ բարձր գնահատեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի տարած ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքը` յայտնելով, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներ յաճախած աշակերտներուն համար մեծ կարեւորութիւն է այն, որ անոնց բեմ կը տրամադրուի հանրութեան դիմաց ներկայանալու, իրենց տաղանդները դրսեւորելու: Ան հաստատեց, որ ասիկա առիթ է աշակերտներուն մօտ ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու, մանաւանդ որ ինքնավստահութիւնը կեանքի տարբեր փուլերու հիմնական բանալին է եւ յառաջդիմութեան զէնքը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Կարպիս Գապասագալեան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինի կառոյցին մէջ գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտները կը լիցքաւորուին հայկական շունչով ու արժէքներով:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականներու բաշխումով` ձեռամբ  Ռոպերթ Առաքելեանի, Կարպիս Գապասագալեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ Լուսիկ Աֆարեանի: Վկայական ստացան Ալեքսանտր Լեւոնեան, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան, Սեւակ Զարմէնեան, Դրօ Միրզայեան, Բենօ Քէօշկէրեան, Վարդուկ Ֆելեքեան, Մեղրի Եագուպեան, Վահագն Հաշէօլեան, Վահան Մանիսաճեան, Րաֆֆի Եուլիս Սեմերճեան, Աւօ Շէկոյեան, Արեգ Ճերդիտեան, Քրիսթոֆ Մաքտեսեան եւ Հրակ Օհանեան:

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան Նուիրուած Սեմինար

Յաջորդը

Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.