Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրաբար Կը Սորվին… «Աբեղեանական»-ով

June 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանէն կը հետեւէի երեկոյեան լուրերուն: Աւարտին մօտ էր, երբ հաղորդավարը յայտնեց, որ նոյն օրը մրցանակաբաշխում մը կատարուած է, պարգեւներ շնորհուած են գրաբար սորվող եւ գրաբարով որոշ աշխատանք տանող երիտասարդներու:

Ուրեմն Հայաստանի մէջ գրաբարը չէ բանտարկուած միայն մասնագիտական-մատենագիտական ոլորտին մէջ, այլ դեռատի երիտասարդներ ալ քաջալերանք կը գտնեն, որպէսզի մեր լեզուին հաստաբուն կոճղը շարունակէ ապրիլ եւ սնուցանել սաղարթները: Մէկ խօսքով, երիտասարդներ կը մղուին մեր լեզուի գանձարանը պեղելու, որպէսզի ոսկեղնիկին արմատները չմատնուին աւիշազրկումի:

Պաստառին վրայ կ՛երեւէին մրցանակները բաշխողներն ու ստացողները: Գրաւոր աշխատանքներու տետրակ-գրքոյկները տարածուած էին սեղանի մը վրայ: Կազմակերպող-գնահատողներուն շարքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու մշակոյթի մարդիկ: «Ի՜նչ լաւ… ի՜նչ լաւ», կը մտածէի հոգեկան անխառն հրճուանքով:

Ոսպնեակը պահ մը պտոյտ կատարեց  ուսանողներուն պատրաստած գրքոյկներուն-տետրակներուն վրայ. անոնցմէ մէկուն վրայ մեծ գիրերով արձանագրուած էր ՆԱՐԵԿ, իսկ տակը`… ՄԱՏՅԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹՅԱՆ:

Նախ կարծեցի, որ աչքերս զիս կը խաբեն. այս օրերուն պատճառ ունիմ լիովին չվստահելու աչքերուս: «Չէ՛, չի կրնար ըլլալ, մտածեցի: Գրաբար եւ… աբեղեանական ուղղագրութի՞ւն: Աբովեանէն, Րաֆֆիէն, Աղայեանէն ու Թումանեանէն ետք, գրաբար Նարե՞կն ալ խեղաթիւրման ճիրաններուն մէջ…»:

Ոսպնեակը երկրորդ պտոյտ մը կատարեց նոյն սեղանին վրայ. ամբողջութեամբ ուշադրութիւն դարձած` վերստին կարդացի արձանգրութիւնները: Չէ՛, քիչ առաջ սխալ չեմ տեսած եղեր: Տետրակին կողքին վրայ ամենայն անբարեխղճութեամբ բազմած էին ՄԱՏՅԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹՅԱՆ բառերը:

Քիչ առաջուան ուրախութիւնս տակն ու վրայ եղաւ, լալու չափ ընդվզեցայ ի տես մերօրեայ ողբերգութեան: Ուրեմն, մեր սքանչելի Նարեկացիին գործին մասին աշխատանքը կատարուած է խեղագրեալ ուղղագրութեամբ, մեղսակցութեամբ կազմակերպիչներուն, դասատուներուն` նոխազ դարձնելով նաեւ մատղաշ երիտասարդները:

…Կը ճառենք ու քիչ մը ամէն տեղ կը խօսինք ազգային միասնութեան մասին: Կը յայտարարենք, իրաւա՛մբ, որ մեր ժողովուրդը մէ՛կ է, միասնակա՛ն, միակա՛մ, ունի մէ՛կ մշակոյթ, մէ՛կ պատմութիւն, որուն սպիտակ բիծերը կը փորձենք գունաւորել, եւ մեծ չափով յաջողած ենք այս վսեմ առաքելութեան մէջ: Արցախի ապրիլեան ճակատումներէն ասդին, հայուն միասնութիւնը լիարժէքօրէն արտայայտութիւն գտաւ գործնական բոլոր գետիններուն վրայ: Եւ սակայն… մեր հանճարեղ գիւտարարին` Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդը ոտնահարումի նոր գետին գտած է, հակառակ անոր, որ եռիցս ապացուցուած ու բազմիցս փաստուած է, որ աւելի քան 90 տարի առաջ կատարուած երկփեղկումը դաւադրութիւն մըն էր հայութեան դէմ, ոռոգայթ էր մեր միասնութեան դէմ, կ՛աղաւաղէ մեր բազմադարեան գրաւոր մշակոյթը:

Այս ողբերգութեան վերջ տալու համար նոր Մաշտոցի՞ կամ Նարեկացիի՞ պէտք է սպասենք արդեօք. դասական ուղղագրութեան վերականգնումի հրամայականին անսալու ատակ մարդ չէ՞ մնացած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔին մէջ, ուր իմաստուններ եւ հանճարներ չեն պակսիր քիչ մը ամէն տեղ…

6 յունիս 2016

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Մարմինի Նախաձեռնութեամբ` Դարերու Ընդմէջէն Երեւանից Եւրոպա…

Յաջորդը

Ռուսիան Եւ Մենք (Տարրական Բացատրութիւններ)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.