
Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթ խստօրէն զգուշացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` ցեղասպանութեան ճանաչման համար Պունտեսթակի թուրք երեսփոխաններուն սպառնալուն առիթով:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, Պերլինի մէջ մեծ արձագանգ գտած է ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք երեսփոխաններու հասցէին` Էրտողանի հնչեցուցած «փճացած արիւն ունին» յայտարարութիւնը:
«Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութեան համաձայն, Լամերթ այսպէս արձագանգած է. «Ինչ ձեւով ալ ըլլայ, եթէ ոեւէ մէկը փորձէ ճնշում գործադրել երեսփոխաններուն վրայ, թող գիտակցի, թէ յարձակած պիտի ըլլայ ամբողջ խորհրդարանին եւ մեր ժողովրդավարութեան վրայ: Իսկ մենք այս իրավիճակին պիտի պատասխանենք մեր ներկայ օրէնքներուն կարելիութիւններուն ծիրին մէջ»:


