Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Որոշած Են Դատել Պունտեսթակի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Թեր Քուէարկած Թուրք Երեսփոխանները

June 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kalin_60916

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւի որդեգրումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն 8 յունիսին Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ «իրաւասու գերատեսչութիւնները եւ նախ եւ առաջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստէ Գերմանիոյ դէմ ծրագիր մը գործողութիւններու, որոնք պիտի հրապարակուին Թուրքիոյ վարչապետին եւ նախագահին կողմէ քննարկուելէ ետք»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական հեղինակաւոր «Պիլտ» օրաթերթին յայտնի դարձած է, որ իբրեւ «պատասխան միջոցառումներ» Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին դատի տալ Պունտեսթակի այն 11 թուրք երեսփոխանները, որոնք քուէարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին օգտին:

«Պիլտ» յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին առնուազն երեք դատական հայցեր Պունտեսթակի թուրք երեսփոխաններուն դէմ: Երկու հայցեր կը պատրաստեն թրքական ոստիկանութեան միութիւնները, իսկ երրորդը` Թրքական իրաւաբաններու միութիւնը: Այդ միութիւնները արդէն դիմում ներկայացուցած են դատախազութեան:

Հայցերու համար իբրեւ իրաւական հիմք կը ծառայէ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, թուրք ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, խորհրդարանը, կառավարութիւնը եւ պետական արդարադատութեան մարմինները հրապարակային կերպով վարկաբեկողը կը դատապարտուի 6 ամիսէն մինչեւ երկու տարի բանտարկութեան:

Ըստ գերմանական օրաթերթին, ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ թրքական դատարանը Պունտեսթակի թուրք երեսփոխանները մեղաւոր նկատէ, ապա Թուրքիա երթալու պարագային անոնք կրնան ձերբակալուիլ եւ բանտարկուիլ:

Պրիւքսէլ բազմիցս քննադատած էր Անգարան Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին առնչութեամբ եւ զայն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար խոչընդոտ նկատելով` խորհուրդ տուած էր ջնջելու մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն հակասող այդ յօդուածը, իսկ Եւրոպային հաճոյանալու համար Էրտողան բազմիցս յայտարարած էր, որ յիշեալ յօդուածը այլեւս չի կիրարկուիր Թուրքիոյ մէջ:

 

Նախորդը

Էրտողանի Յայտարարութիւնները Վրդովեցուցած Են Գերմանիոյ Թրքական Համայնքը

Յաջորդը

Պունտեսթակի Նախագահը Խստօրէն Կը Զգուշացնէ Էրտողանը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.