
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական լրատուամիջոցները կը ղեկավարուին «խումբ մը հայերու» կողմէ, որոնց նպատակը թուրքերուն բարի համբաւը արատաւորելն է:
«Անոնք շատ կը փորձեն ռուս ազգը թուրք ազգին դէմ լարել, սակայն, ինչպէս կը տեսնէք, անոնք այդքան ալ չեն յաջողիր», ըսած է ան:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարած է, որ գերմանական մամուլը անկախ չէ:


