Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով, Որ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան Թուրը Սուր Է. Պահչելի. «1915-ին Տրուած Որոշումը Ճիշդ Էր, Պէտք Է Զայն Դարձեալ Գործադրել»

June 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bahceli_60816

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի անդրադարձած է Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Պնդելով, թէ «հայերը տեղահանելը զանոնք ոչնչացնել չի նկատուիր», Պահչելի յայտարարած է. «Պետութիւնը պաշտպանելու նպատակով տեղի ունեցած այդ տեղահանութիւնը ծայր աստիճան ճիշդ եւ արդար եղած է: 1915-ի տեղահանման որոշումը բացարձակապէս ճիշդ էր, եթէ այսօր ալ այդպիսի որոշում տրուի, պէտք է գործադրել զայն»:

Ազգայնամոլ ղեկավարը, սակայն, չէ բաւարարուած այս խայտառակ յայտարարութեամբ: Անգամ մը եւս հերքելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` Պահչելի պաշտպանած է թրքական թեզերը, թէ «հայ աւազակախումբերը» ըմբոստացած են Կարինի, Սեբաստիոյ եւ Ատանայի մէջ: «Փաստեր կան, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ինչպէ՛ս Օսմանեան կայսրութիւնը պահպանած է իր սառնասրտութիւնը հայերու գործած կոտորածներուն նկատմամբ», նման զաւեշտալի յայտարարութիւն կատարած է Պահչելի:

Պաշտպանելով «յարգելի Էրտողանի»` Պունտեսթակի մէջ ցեղասպանութեան ճանաչումին թեր քուէարկած թուրք երեսփոխաններու «արիւնը տարրալուծարանին մէջ զննելու» վերաբերեալ յայտարարութիւնը` ան ըսած է. «Եթէ մենք կատարած ըլլայինք յարգելի Էրտողանի այդ յայտարարութիւնները, մեզ պիտի մեղադրէին ցեղապաշտութեամբ եւ չորգլուխութեամբ: Սակայն այդքան դիւրին չեն հասնիր անոնց զննութեան: Պիտի ստուգուի՞ն, այսպէս կոչուած, ցեղասպանութեան ճանաչման կանաչ լոյս վառողներու արիւնները: Պիտի ստուգուի՞ն 1915 թուականի իրադարձութիւնները պատմելու համար վարչապետին դիմած լրագրողներու արիւնները»:

Պահչելի չէ մոռցած նաեւ Էրտողանի նախկին գլխաւոր խորհրդականը` ազգութեամբ հայ Էթիեն Մահչուփեանը: Մտահոգութիւն յայտնելով, որ պիտի ստուգուի՞ արդեօք անոր արիւնը, ազգայնամոլ ղեկավարը յորդորած է այսուհետեւ արեան հարցով չդիմել Էրտողանին, որովհետեւ, ըստ իրեն, «փճացած արիւն ունեցողներու արիւնը չի հոսիր, անոնք արիւն չունին»:

Պահչելի նաեւ չէ վարանած սպառնալիքներ հնչեցնել: Ան խոստացած է «մաքրել այդ խաղին մէջ մտածներուն եղունգը»: «Ազգայնական շարժում կուսակցութեան թուրը սուր է», յայտարարած է Պահչելի:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Շուրջ Արձագանգներու Հարցով. Թուրք Դիւանագէտը Կանչուած Է Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ըստ Չաւուշօղլուի «Ռուսերը Թուրքերուն Դէմ Դրդողները Հայերն Են»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»

September 23, 2026
Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առիթով

September 23, 2026
Ֆիտան. «Որոշեցինք Իսրայէլի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները  Ամբողջովին Խզել, Մեր Օդային Տարածքը  Փակեցինք Անոր Օդանաւերուն Առջեւ»
Գլխաւոր լուրեր

Ֆիտան. «Թուրքիան Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛աջակցին Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթին»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.