
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ ներկայացուցիչը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հաւատարմատարը կանչուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` վերջին օրերու իրադարձութիւններուն եւ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութեան շուրջ արձագանգները քննարկելու համար:
«Քննարկման ընթացքին խօսք եղած է Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ աւանդական սերտ ու վստահելի յարաբերութիւններու մասին եւ ընդգծուած, որ գերմանացի երեսփոխաններու մասին վերջին յայտարարութիւնները ատոր չեն համապատասխաներ եւ կ՛ընկալուին իբրեւ անհասկնալի», յայտնած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Նախապէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած էր, որ չի հասկնար թրքական կողմի մեղադրանքները Պունտեսթակին, որուն երեսփոխանները ընտրուած են ժողովուրդին կողմէ: Մերքելի կարծիքով` Թուրքիան պէտք է ուղղակի բանակցութիւններու սկսի Հայաստանի հետ:


